Loading...
Larger font
Smaller font
Copy
Print
Contents
  • Results
  • Related
  • Featured
No results found for: "".
  • Weighted Relevancy
  • Content Sequence
  • Relevancy
  • Earliest First
  • Latest First
    Larger font
    Smaller font
    Copy
    Print
    Contents

    ԳՈՐԾ ԵՒ ԿԵԱՆՔ

    Աստուած աղբիւրն է կեանքի, լոյսի և ուրախութեան՝ բովանդակ տիեզերքին համար: Արեւուն արձակած ճառագայթներուն նման, կենդանի ջուրերու աղբիւրէ մը ցայտող առուակի մը նման՝ օրհնութիւններ կը բղխին Անկէ Իր բոլոր արարածոց վրայ: Եւ ուր որ ալ Աստուծոյ կեանքը մարդոց սրտերուն մէջ ըլլայ, սէր և օրհնութիւն պիտի տարածէ այլոց վրայ:FF 84.1

    Մեր Քրկիչն անեալ մարդիկը բարձրացնելու և փրկուելու Իր ուրախութիւնը: Ասոր համար Ան Իր անձը պատուական չսեպեց, այլ խաչը յանձն առաւ, ամօթն արհամարհեց: Նմանապէս՝ հրեշտակները շարունակ այլոց երջանկութեանը համար գործելու տուած են իրենք զիրենք: Ա՛յս է իրենց ուրախութիւնը: Ինչ որ անձնասէր սրտերու համար ստորնացուցիչ ծառայութիւն պիտի նկատուէր, — սպասաւորել թշուառ մարդոց, որոնք ամէն տեսակէտով այլ ստորադաս են իրենցմէ, թե՛ նկարագրով և թէ՛ դասակարգով, — անմեղ հրեշտակներու գործն է: Քրիստոսի անձնազոհ սիրոյ ոգին՝ երկինքի մէջ տիրող և անոր բուն իսկ երանութիւնը կազմող ոգին է: Ահա՛ այս ոգին է զոր Քրիստոսի հետեւողները պիտի ստանան, գործը՝ զոր պիտի կատարեն:FF 84.2

    Երբ Քրիստոսի սէրը բնակի սրտի մը մէջ, քաղցր հոտի մը նման չէ կարող ծածկուիլ: Անոր սուրբ ազդեցութիւնը պիտի զգացուի բոլոր անոնցմէ որոնց հետ յարաբերութեան մէջ կը մտնենք: Քրիստոսի ոգին մարդուս սրտին մէջ՝ նման է անապատին մէջ աղբիւրի մը որ կը բղխի զովացնելու ամէնը, և կորսուելու մօտ եղողներուն մէջ կը ծնուցանէ կենաց ջուրէն խմելու փափաք մը:FF 85.1

    Սէր առ Յիսուս պիտի ի յայտ գայ գործելու բաղձանքով մը՝ ինչպէս Ան կը գործէր, մարդկութիւնը օրհնելու և բարձրացնելու համար: Ան պիտի մեզ մղէ սէր, գութ և համակրանք տածելու մեր երկնաւոր Հօրը խնամքին տակ եղող արարածոց հանդէպ:FF 85.2

    Մեր Քրկչին երկրաւոր կեանքը՝ հանգիստի և Իր անձին նուիրուած կեանք մը չէր. այլ կ՚աշխատէր Ան յարատև, եռանդուն և անխոնջ ջանքով՝ կորսուած մարդկութեան փրկութեանը համար: Մսուրէն մինչև Գողգոթա՝ անձնուրացութեան շաւղին հետեւցաւ, ու երբէք չջանաց խոյս տալ դժնդակ պարտականութիւններէ, դժուարին ճամբորդութիւններէ և տաժանելի հոգէ և աշխատանքէ: “Որդին մարդոյ չեկաւ սպասաւորութիւն ընդունելու,” ըսաւ Ինք, “այլ սպասաւո-FF 85.3

    րութիւն ընելու, և Իր կեանքը շատերու համար փրկանք տալու:” Մատթ. Ի. 28: Ահա՛ այս էր Իր կեանքին միակ նպատակը: Ուրիշ ամէն ինչ երկրորդական էր և ստորադաս: Իր ուտելիքն ու խմելիքը Աստուծոյ կամքը կատարելն ու Անոր գործն ի գլուխ հանելն էր: Եսն ու Իր անձին շահը տեղ չունէին Անոր աշխատութեանը մէջ:FF 86.1

    Նմանապէս՝ Քրիստոսի շնորհքին հաղորդ եղողները պիտի կազմ և պատրաստ ըլլան՝ ո և է զոհողութիւն ընելու, որպէս զի այլք՝ որոնց համար Ան մեռաւ՝ կարող ըլլան մասնակցիլ երկնային պարգեւին: Անոնք պիտի կրցածնին ընեն՝ աշխարհը լաւագոյն դարձնելու՝ հոն երջանիկ եւ ուրախ ապրելու համար: Այս ոգին ճշմարտապէս դարձի եկած սրտի մը անհրաժեշտ պտուղն է: Մէկը որ հազիւ կը ճանչնայ Քրիստոսը՝ և ահա՛ իր սրտին մէջ տենչանք մը կը զգայ այլոց ճանչցնելու թանկագին բարեկամը զոր գտած է Յիսուսի մէջ. փրկարար և սրբարար ճշմարտութիւնը չէ կարող փակուած մնալ իր սրտին մէջ: Եթէ Քրիստոսի արդարութիւնովն զգեստաւորուած ենք մենք, ու մեր մէջ բնակող Իր Հոգիին ուրախութեամբը համակուած, պիտի կարող չըլլանք լուռ մնալ: Եթէ ճաշակեր, և տեսեր ենք թէ Տէրը բարի է, բան մը պիտի ունենանք ըսելու: Մեր նմանները Քրկչին մօտենալու պիտի հրաւիրենք, ինչպէս ըրաւ Քիլիպպոս՝ երբ գտաւ զԱնի: Պիտի ջանանք անոնց ներկայացնել Քրիստոսի հրապոյրները՝ և հանդերձեալ աշխարհին անտեսանելի իրականութիւնները: Պիտի ջերմ փափաք մ՚ ունենանք Յիսուսի քալած շաւղին զին հետեւելու: Պիտի եռանդուն բաղձանք մ՚ ունենանք որ մեր շուրջը գտնուողները տեսնեն “Աստուծոյ գառը՝ որ աշխարհի մեղքը կը վերցընէ:”FF 86.2

    Ու մեր նմանները օրհնելու ջանքերնիս պիտի օրհնութիւններ բերեն մեր վրայ: Ա՛յս էր ահա փրկութեան խորհուրդին մէջ Աստուծոյ մեզի յատկացուցած դերին բո՛ւն նպատակը: Ան մարդոց արտօնութիւն է շնորհած հաղորդ ըլլալ աստուածային բնութեանը, և՝ իրենց կարգին՝ այդ օրհնութիւններն իրենց նմաններուն հաղորդել: Ասի ամենաբարձր պատիւն է, ամենամեծ ուրախութիւնը՝ որ կարելի է Աստուծոյ՝ պարգեւել մարդոց: Սիրոյ աշխատութեանց այս կերպով մասնակցողները իրենց Արարչին աւելի՛ մօտ կը բերուին:FF 87.1

    Աստուած կարող էր Աւետարանի պատգամն ու սիրոյ սպասաւորութեան բոլոր գործը երկնաւոր հրեշտակներուն յանձնել: Ան կրնար ուրիշ միջոցներ գործածել Իր նպատակին իրագործմանը համար: Բայց Իր անսահման սիրովը հաճեցաւ մեզ գործակից ընել Իրեն հետ, Քրիստոսի հետ և իր հրեշտակներուն, որպէս զի հաղորդ ըլլանք օրհնութեան, ուրախութեան, հոգեւոր բարձրացման՝ որոնք անշահախնդիր սպասաւորութենէ յառաջ կուգան:FF 87.2

    Յիսուսի տառապանքներուն հաղորդ ըլլալնիս մեզ աւելի՛ մօտ կը բերէ Անոր: Այլոց բարելաւութեանը համար անձնազոհութեան ամէն մէկ գործ բարեգործութեան ոգին կը զօրացնէ նուիրատուին սրտին մէջ, զանի աւելի սերտիւ միացնելով աշխարհի Քրկչին հետ՝ “որ հարուստ էր, բայց ձեզի համար աղքատացաւ, որ դուք Անոր աղքատանալովը հարստանաք:” Ու կեանքը մեզի օրհնութիւն մը կ՚ըլլայ այն ատեն միայն երբ պատասխանենք մեր ստեղծմանը աստուածային նպատակին:FF 87.3

    Եթէ կ՚ուզես երթալ գործել ինչպէս Քրիստոս կը ցանկայ որ Իր աշակերտներն ընեն, եթէ կ՚ուզես հոգի-FF 87.4

    ներ անոր մօտ տանիլ, պիտի պէտքն զգաս աստուածային բաներու մէջ աւելի՛ խորին փորձառութեան մը և աւելի մեծ գիտութեան մը, ու արդարութեան պիտի անօթենաս ու ծարաւնաս: Պիտի Աստուծոյ թախանձես, ու հաւատքդ պիտի զօրանայ, և հոգիդ պիտի առատօրէն խմէ փրկութեան աղբիւրէն: Ընդդիմամարտ հակառակութիւն և նեղութիւններ պիտի Ս. Գրքին քով առաջնորդեն քեզ ու աղօթքի մղեն: Քրիստոսի շնորհքովն ու գիտութիւնովը պիտի աճիս դուն ու շատ փորձառութիւն ձեռք ձգես:FF 88.1

    Այլոց համար գործելու անշահախնդիր ոգին՝ նկարագրի խորութիւն, հաստատութիւն և Քրիստոսանման քաղցրաբարոյութիւն կուտայ, և խաղաղութիւն և երջանկութիւն կը պարգեւէ զայն ստացողին: Անոր տենչանքները կը բարձրանան: Անհոգութիւն և եսականութիւն այլեւս իր սրտին մէջ տեղ չեն ունենար: Քրիստոնէական շնորհքները այսպէս ի գործ դնողները պիտի աճին և զօրանանք՝ Աստուծոյ ծառայութեանը մէջ գործելու համար: Անոնք յստակ հոգեւոր ըմբռնումներ և հաստատուն և յարաճուն հաւատք պիտի ունենան՝ ու աղօթելու զօրութիւննին պիտի աւելնայ: Աստուծոյ Հոգին՝ ներգործելով իրենց մտքին վրայ՝ հոգիին նուիրական ներդաշնակութիւնները կ՚արթնցնէ՝ աստուածային հպման ի պատասխան: Իրենց նմաններուն բարւոյն համար այսպէս անվերապահօրէն աշխատողները՝ ամենէն ապահով կերպով կը գործեն իրենց անձերուն փրկութիւնը:FF 88.2

    Շնորհաց մէջ աճելու միակ միջոցն է անշահախնդրաբար կատարել բուն ան գործը զոր Յիսուս մեզի պատուիրած է, այսինքն աշխատիլ՝ մեզի շնորհուած կարողութեանց չափով՝ բարելաւութեանը անոնց որ կը կարօտին օգնութեանը զոր կրնանք տալ իրենց: Ուժը մարզանքով կը ստացուի. գործունէութիւնը բուն իսկ պայմանն է կեանքին: Անոնք որ կը ջանան Քրիստոնէական կեանքը պահպանել կրաւորաբար ընդունելով շնորհաց միջոցով եկած օրհնութիւնները, ու ոչինչ ընելով Քրիստոսի համար, պարզապէս ապրիլ կը փորձեն՝ ուտելով, առանց աշխատելու: Ու հոգեւոր, ինչպէս բնական աշխարհին մէջ՝ ատոր հետեւանքը կ՚ըլլայ այլասերում և ապականութիւն: Ւր սրունքները մարզել չուզող մարդը պիտի շատ չանցած զանոնք գործածելու կարողութիւնը կորսնցնէ: Նմանապէս՝ իր աստուածատուր կարողութիւնները զարգացնել չուզող Քրիստոնեան՝ ո՛չ միայն չ՚աճիր Քրիստոսով, այլ՝ արդէն ունեցած զօրութիւնը կը կորսնցնէ:FF 88.3

    Քրիստոսի Եկեղեցին՝ Աստուծմէ կարգուած գործիչն է մարդոց փրկութեանը համար: Անոր գործն է աշխարհի տանիլ աւետարանը: Ու այդ պարտականութիւնը կը ծանրանայ բոլոր Քրիստոնէից վրայ: Ամէն ոք՝ իր տաղանդին և պատեհութեանցը չափով՝ պարտի Քրիստոսի յանձնարարութիւնը կատարել: Մեզի յայտնուած Քրիստոսի սէրը որ մեզ պարտական կը կացուցանէ հանդէպ ամէն անոնց որ զԱնի չեն ճանչնար: Աստուած մեզի լոյս է տուած, բայց ոչ թէ լոկ մեզի համար, այլ որպէս զի անոնց հաղորդենք զայն:FF 89.1

    Եթէ Քրիստոսի հետեւողները իրենց պարտականութիւններուն քաջածանօթ ըլլային, հազարաւորներ պիտի ըլլային հոն ուր մէկ հոգի կայ այսօր՝ աւետարան քարոզող՝ հեթանոս երկիներու մէջ: Ու ամէն անոնք ալ որ չէին կարող անձնապէս ստանձնել այդ գործը, պիտի անոր աչակցէին իրենց նիւթական միջոցներովը, իրենց FF 89.2

    համակրութեամբն ու աղօթքներովը: Ու Քրիստոնեայ երկիրներու մէջ պիտի շա՜տ աւելի ջանք ի գործ դրուէր՝ հոգիներու փրկութեանը համար: Պէտք չկայ անպատճառ հեթանոս երկիրներ երթալ, ոչ ալ թողուլ ընտանեկան անձուկ շրջանակը (եթէ հոն է որ պիտի մեր պարտականութիւնը կատարենք), գործելու Քրիստոսի համար: Կրնանք այդ գործը կատարել մեր ընտանեկան շրջանակին մէջ, մեր եկեղեցւոյն մէջ, և անոնց մէջ որոնց հետ յարաբերութիւն կ՚ունենանք, ու որոնց հետ առեւտրական գործ կ՚ընենք:FF 90.1

    Մեր Քրկչին երկրաւոր կեանքին մեծագոյն մասն անցաւ՝ համբերատար աշխատութեամբ՝ ատաղձագործի խանութին մէջ ի Նազարէթ: Սպասաւորող հրեշտակներ կ՚ընկերանային կենաց Տէրոջը՝ երբ Ան գեղացիներու և մշակներու հետ միասին կ՚անցնէր, անծանօթ, անշուք: Իր պաշտօնը այնքան հաւատարմօրէն կը կատարէր՝ այդ խոնարհ արհեստն ի գործ դնելով՝ որքան երբ հիւանդներ կը բժշկէր կամ Գալիլեայի ծովուն հողմակոծ ալեացը վրայ կը քալէր: Այսպէս և մենք կեանքի ամենախոնարհ պարտականութեանց և ամենահամեստ դիրքերու մէջ՝ կրնանք քալել և գործել Յիսուսի հետ:FF 90.2

    Առաքեալը կ՚ըսէ, “Ամէն մէկը ինչ կոչումի մէջ որ կանչուեցաւ, թող անոր մէջը կենայ:” Ա Կոր. Է. 24: Գործի մարդը կարող է իր գործը այնպիսի կերպով վարել՝ որ անով իր Տէրը փառաւորէ՝ հաւատարմութեանը պատճառով: Եթէ ան Քրիստոսի ճշմարիտ հետեւող մըն է, պիտի իր կրօնքն ի գործ դնէ իր բոլոր գործերուն մէջ, ու մարդոց յայտնէ Քրիստոսի ոգին: Արհեստաւորը կարող է գործունեայ և հաւատարիմ ներկայացուցիչն ըլլալ Անոր որ կեանքի ամենախոնարհ շրջանակներում կը գործէր Գալիլեայի լեռներուն մէջ: Ամէն ոք որ Քրիստոսի անունը կ՚անուանէ, պարտի այնպէս շարժիլ որ մարդիկ, տեսնելով իր բարի գործերը, փառաւորելու մղուին իրենց Արարիչն ու Քրկիչը:FF 91.1

    Շատեր իրենց ձիրքերը Քրիստոսի ծառայութեանը գործածելէ ազատ կը կացուցանեն անձերնին, այն պատրուակը մէջ բերելով թէ ուրիշները գերազանց կարողութիւններով և բարեմասնութիւններով օժտուած են: Ընդհանրապէս այն կարծիքը կայ թէ անո՛նք միայն՝ որ մասնաւոր տաղանդներով են օժտուած՝ պարտաւոր են իրենց կարողութիւնները Աստուծոյ ծառայութեանը նուիրել: Շատեր այն եզրակացութեան են եկած թէ տաղանդները տրուած են միմիայն այս ինչ դասակարգի մը որ այլոց վրայ բացառութիւն կը կազմէ, և թէ իրենք՝ բնականաբար՝ կոչուած չեն ոչ աշխատութեան մասնակցելու և ոչ ալ վարձատրութեան: բայց տաղանդներուն առակին մէջ այսպէս չէ ներկայացուած: Երբ տանուտէրը կանչեց իր ծառաները, իւրաքանչիւրին իր գործը տուաւ:FF 91.2

    Սիրալիր ոգիով կրնանք կեանքի ամենախոնարհ պարտականութիւնները կատարել՝ “որպէս թէ Տէրոջը:” Կող. Գ. 23: Եթէ Աստուծոյ սէրը մեր սրտին մէջ է, պիտի յայտնուի մեր կեանքին մէջ: Քրիստոսի անուշ հոտը պիտի մեզ շրջապատէ, ու մեր ազդեցութիւնը պիտի վսեմացնէ ու օրհնէ մեր ընկերները:FF 91.3

    Պէտք չէ սպասես որ մեծ առիթներ ներկայանան քեզի, և կամ պէտք չէ արտասովոր կարողութիւններ ակնկալես՝ Աստուծոյ համար գործելու սկսելէ առաջ: Մի՛ ալ մտածեր թէ մարդիկ քու մասիդ ի՛նչ պիտի խորհին: Եթէ ամենօրեայ կեանքդ վկայութիւն մըն է հաւատքիդ մաքրութեանն ու անկեղծութեանը, և քու նմաններդ համոզուած են թէ իրենց բարիք ընել կը ցանկաս դուն, ջանքերդ պիտի բոլորովին ապարդիւն չըլլան:FF 92.1

    Քրիստոսի ամենէն տրուպ և աղքատ աշակերտներն իսկ կարող են այլոց օրհնութիւն ըլլալ: Անոնք թերեւս չգիտնան թէ մասնաւոր բարիք մը կ՚ընեն կոր, բայց իրենց անգիտակից ազդեցութեամբը կրնան բարձրացնել օրհնութեան կոհակներ՝ որոնք պիտի խորանան ու լայննան, ու օրհնեալ ադիւնքին մասին կրնան բան մը չը գիտնալ մինչև վերջնական վարձքի հատուցման օրը: Անոնք չեն զգար կամ չեն գիտեր թէ մեծ բան մը կ՚ընեն իրենք: Իրենցմէ չի պահանջուիր ու իրենք զիրենք անձկութեամբ յոգնեցնեն՝ մեծ յաջողութիւն ձեռք բերելու համար: Պէտք է միայն յառաջ երթան անոնք հաւատարմօրէն կատարելով գործը զոր Աստուծոյ նախախնամութիւնը իրենց ցոյց կուտայ, ու իրենց կեանքը անօգուտ եղած պիտի չըլլայ: Անոնց հոգին պիտի երթալով Քրիստոսի նմանութեանը հաղորդ ըլլայ: Աստուծոյ հետ գործակից են անոնք այս կեանքին մէջ, ու այսպէս կը պատրաստուին բարձրագոյն գործին և հանդերձեալ կեանքին անխառն ուրախութեանը:FF 92.2

    Larger font
    Smaller font
    Copy
    Print
    Contents