Loading...
Larger font
Smaller font
Copy
Print
Contents
  • Results
  • Related
  • Featured
No results found for: "".
  • Weighted Relevancy
  • Content Sequence
  • Relevancy
  • Earliest First
  • Latest First
    Larger font
    Smaller font
    Copy
    Print
    Contents

    ԱՍՏՈՒԱԾԳԻՏՈՒԹԻՒՆ

    Բազմաթիւ և այլազան են միջոցները որոնցմով Աստուած կը ջանայ Ինքզինքը ճանչցնել մեզի և Իրեն հետ հաղորդ ընել մեզ: Բնութիւնը մեր զգայարանքներուն կը խօսի անդադար: Այն սիրտը որ բաց է աստուածային բաներուն՝ պիտի ազդուի Աստուծոյ սէրէն և փառքէն որ կը յայտնուի Անոր ձեռացը գործերուն մէջ: Ուշադիր ականջը կրնայ լսել և հասկնալ Աստուծոյ ձայնը որ կը խօսի բնութեան իրերուն միջոցով: Դալար դաշտերը, բարձրաբերձ ծառերը կոկոններն ու ծաղիկները, օդաչու ամպը, անձրեւը, քաղցրակարկաչ վտակը, երկինքին փառքը՝ կը խօսին մեր սրտերուն և մեզ կը հրաւիրեն ծանօթանալ Անոր հետ որ ատոնք բոլորն ըրեր է: Մեր Քրկիչը իր թանկագին դասերը բնութեան FF 93.1

    իրերովը միաւորեց: Ծառերը, թռչունները, հովտին ծաղիկները, բլուրները, լիճերը, գեղեցիկ երկնակամարը, ինչպէս և ամենօևայ կեանքի դէպքերն ու պատահարները՝ բոլոր ճշմարտութեան խօսքերուն զօդեց, որպէս զի Իր դասերը կարենային յաճախ մեր միտքը գալ, նո՛յն իսկ մեր բազմազբաղ կեանքին հոգերուն մէջ:FF 94.1

    Աստուած կ՚ուզէ որ Իր զաւակները գնահատեն Իր գործերը և հաճոյք զգան այն պարզ, հանդարտիկ գեղեցկութենէն որով Ան պճներ է մերայս երկրաւոր բնակարանը: Գեղեցկին սիրահարն է Ինք, ու մանաւանդ առերեւութապէս հրապուրիչ բաներէ աւելի կը սիրէ նկարագրի գեղեցկութիւնը, և կը ցանկայ որ մշակենք մաքրութիւնը և պարզութիւնը — ծաղիկներուն շնորհալի զարդարանքը:FF 94.2

    Աստուծոյ ստեղծածները հնազանդութեան և վստահութեան անգին դասեր պիտի սորվեցնեն մեզի՝ եթէ միայն ունկն դնենք անոնց ձայնին: Աստղերէն սկսելով, որոնք անսահմանութեան մէջ իրենց շրջանը կը բոլորեն դարերէ ի վեր, մինչև աննշմարելի հիւլէն, բնութեան մէջ ամէն ինչ իր Արարչին կը հնազանդի: Ու Աստուած խնամք կը տանի ամէն բանի համար, և Իր ստեղծած բոլոր բաները կը պահէ: Ան որ անսահմանութեան մէջ թաւալող անթիւ աշխարհները կը բռնէ, միեւնոյն ատեն պիտոյքը կը հոգայ ճնճղուկին, որ, անվախ, իր խոնարհ երգը կը ճռուողէ: Երբ մարդիկ իրենց ամենօրեայ գործին կ՚երթան, ինչպէս երբ աղօթքի կը կայնին. երբ գիշերը կը հանգչին, ու երբ առաւօտուն կ՚ելլեն. երբ հարուստը իր ապարանքին մէջ խնճոյք կուտայ, կամ երբ աղքատը իր զաւակները չորաբեկ ճաշին շուրջը կը բոլորէ, — մեր երկնաւոր Հօրը գորովալի ակնարկը միշտ ասոնց ամենուն վրայ է: Արցունքի ոչ մէկ կաթիլ աննշմարելի չի մնար Աստուծմէ. չկայ ժպիտ զոր Ան չնշմարէ:FF 94.3

    Եթէ մենք կատարելապէս հաւատայինք, այս իրողութեանց, բոլոր անտեղի հնհնուքները պիտի փարատէին: Մեր կեանքը այնքան յուսախաբութիւններով չպիտի համակուէր՝ ինչպէս հիմա. քանզի ամէն ինչ, մեծ թէ փոքր, պիտի յանձնէինք Աստուծոյ՝ որ բազմապատիկ հոգերով չէ շփոթած, կամ անոնց ծանրութեանը տակ ընկճուած: Ո՜հ, պիտի յայնժամ վայելէինք հոգիի խաղաղութիւն մը՝ զոր շատոնց չեն ճաշակած շատեր:FF 95.1

    Երբ երկրիս հրապուրիչ գեղեցութիւններէն հմայուիս դուն, խորհէ՝ հանդերձեալ աշխարհին՝ որ մեղքէ կամ մահէ պիտի չապականի երբէք, և ուր բնութիւնը պիտի անէծքին հետքերը չկրէ: Թող երեւակայութիւնդ մտքիդ մէջ նկարէ փրկուածներուն բնակարանը, ու յիշէ՛ որ վառ երեւակայութեանդ պատկերացուցածէն շա՜տ աւելի փառաւոր պիտի ըլլայ ան: Բնութեան բիւրաւոր և այլազան պարգեւներուն մէջ՝ զորս Աստուած մեզի տուեր է, Իր փառքին մէկ խիստ աղօտ ցոլքը միայն կը տեսնենք: Գրուած է, “Այն բաները զոր աչք չէ տեսեր, և ականջ չէ լսեր, և մարդուն սրտին մէջ չեն ինկեր, Աստուած զԻնքը սիրողներուն պատրաստեց:” Ա Կոր. Բ. 9:FF 95.2

    Բանաստեղծն ու բնագէտը շատ բաներ ունին FF 95.3

    ըսելու բնութեան վրայ, բայց Քրիստոնեա՛ն է որ ամենաբարձր գնահատումով կը վայելէ երկրին գեղեցկութիւնները, քանզի գիտէ որ իր Հայրն է ստեղծեր ամէն ինչ, և Որուն սէրը գրուած կը տեսնէ ծաղկին, թուփին և ծառին վրայ: Ոչ ոք կարող է կատարելապէս հասկնալ լեռներուն և հովիտներուն, գետերուն և ծովերուն նշանակութիւնը՝ եթէ ոչ ան որ անոնց վրայ կը տեսնէ մարդոց հանդէպ Աստուծոյ ունեցած սիրոյն մէկ արտայայտութիւնը:FF 96.1

    Աստուած մեզի կը խօսի Իր նախախնամական գործերովն ու Իր Հոգիին ազդեցութեամբը մեր սրտին վրայ: Մեր պարագաներուն և մեզ շրջապատող իրաց մէջ, մեր շուրջը ամէն օր անցած դարձած փոփոխութեանց մէջ թանկագին դասեր կրնանք գտնել՝ եթէ միայն մեր սրտերը բաց ըլլան զանոնք որոշելու համար: Սաղմոսերգուն աստուածային նախախնամութեան գործերուն վրայ խորհելով՝ կ՚ըսէ, “Տէրոջը ողորմութիւններովը երկիրը լեցուն է:” Սաղմ. ԼԳ. 5: “Ո՞վ է իմաստուն որ այս բաները պահէ, անիկա Տէրոջը ողորմութիւնը պիտի հասկնայ:” Սաղմ. ՃԷ. 43:FF 96.2

    Աստուած մեզի կը խօսի Իր խօսքին մէջ: Հոն յստակ և որոշ կերպով յայտնուած կը գտնենք Իր նկարագիրը, մարդոց հետ Իր յարաբերութիւնները և փրկութեան մեծ գործը: Հոն մեր առջև պարզուած է նահապետներու և մարգարէից և հին ժամանակներու ուրիշ սուրբ մարդոց պատմութիւնը: Անոնք “մեզի նման կրից ենթակայ” (Յակ. Ե. 17) մարդիկ էին. դժուարութիւններու և վհատութեանց դէմ պայքարեցան՝ մեզի նման. փորձութեանց մէջ ինկան՝ ինչպէս մենք կ՚իյնանք, ու նորէն սրտապնդեցան անոնք ու Աստու ծոյ շնորհքովը յաղթեցին: Անոնց օրինակը մեզ կը քաջալերէ արդարութեան հետամտելու: Ի նկատի ունենալով անոնց շնորհուած թանկագին փորձառութիւնները,լոյսը, սէրը և օրհնութիւնները զոր անոնք վայելեցին, և իրենց հաղորդուած շնորհքովը կատարած գործերնին, զանոնք ներշնչող Հոգին մեր մէջ կ՚արծարծէ սուրբ նախանձաւորութեան մը բոցը, և ջերմ փափաք մը՝ անոնց նկարագրին նման նկարագիր մը ունենալու, — անոնց նման Աստուծոյ հետ քալելու:FF 96.3

    Յիսուս ըսաւ Հին Կտակարանի Գրքերուն մասին, ու ո՛րքան աւելի ճշմարիտ է Նորին նկատմամբ, — “Անո՛նք են որ Ինծի համար կը վկայեն:” Յովհ. Ե. 39: Քրկչի՛ն համար, Ան՝ վրայ կեդրոնացած են յաւիտենական կեանքի մեր յոյսերը: Այո՛, ամբողջ Ս Գիրքը Քրիստոսի մասին կը խօսի: Ստեղծագործութեան առաջին պատմութենէն, — քանզի “առանց Անոր բան մը չեղաւ ինչ որ եղաւ” (Յովհ. Ա. 3), — մինչև վերջին խոստումը, “Ահա՛ Ես շուտով կուգամ” (Յայտ. ԻԲ. 12), Իր գործերուն մասին կը կարդանք և Իր ձայնը կը լսենք: Եթէ Քրկիչը ճանչնալ կ՚ուզես, Ս. Գիրքերը քննէ՛: FF 97.1

    Աստուծոյ խօսքերովը լեցո՛ւր սիրտդ համակ: Կենդանի ջուրն են անոնք, հրատոչոր ծարաւդ մարող. երկինքէն իջած կենդանի հացն են: Յիսուս կը յայտարարէ, “Եթէ Որդւոյ մարդոյ մարմինը չուտէք, ու Անոր արիւնը չխմէք, ձեր անձերուն մէջ կեանք չէք ունենար:” Ու Ինքզինքը կը բացատրէ՝ ըսելով, “Այն խօսքերը զոր Ես ձեզի կը խօսիմ, հոգի և կեանք են:” Յովհ. Զ. 54, 64: Մեր մարմինները մեր կերած ու խմած բաներովը կը կազմուին, և ինչպէս է բնական յօրինուածին մէջ, այնպէս է և հոգեւորին մէջ. մեր խորհրդա ծութեան նիւթ եղող բաներն են որ հոգեւոր բնութիւննիս կը դաշնաւորեն և կը զօրացնեն:FF 97.2

    Քրկագործութեան խորհուրդը նիւթ մըն է որուն հրեշտակները կը ցանկան ակնկառոյց նայիլ, և որ փրկուածներուն գիտութիւնն ու երգը պիտի կազմէ յաւերժութեան անվախճան դարերու միջոցին: Չ՚ա՞րժեր միթէ ուշադրութեամբ ուսումնասիրել զայն հիմա: Քրիստոսի անսահման ողորմութիւնն ու սէրը, մեզի համար կատարուած զոհաբերութիւնը, ամենէն լուրջ և հանդիսաւոր խորհրդածութեանց նիւթ պէտքէ ըլլան: Պարտինք պի՛շ նայիլ մեր Քրկչին և Բարեխօսին նկարագրին: Պէտք է խոկալ պաշտօնին վրայ Անոր որ Իր ժողովուրդը իրենց մեղքերէն փրկելու եկաւ: Երբ՝ այսպէս հոգեպիշ նայինք երկնային բաներուն, մեր հաւատքն ու սէրը պիտի աւելի աճին զօրանան, և մեր աղօթքները երթալով պիտի աւելի ընդունելի դառնան Աստուծոյ, քանզի անոնք հետզհետէ աւելի հաւատքով և սիրով պիտի խառնուին, ու իմաստուն և ջերմեռանդ ըլլան: Յիսուսի վրայ աւելի հաստատուն վստահութիւն պիտի ունենանք, և ամենօրեայ կենդանի փորձառութիւն մը Իր զօրութեան՝ որ կարող է բոլորովին փրկել զանոնք որ Իրմով Աստուծոյ կուգան:FF 98.1

    Քրկչին կատարելութիւններուն վրայ խորհրդածելով՝ պիտի ցանկանք իսպառ բարեփոխուիլ և Անոր մաքրութեան պատկերին վերանորոգուիլ: Հոգիի անօթութիւն մը և ծարաւ մը պիտի ունենանք նմանելու Անոր զոր կը պաշտենք: Ո՛րքան աւելի մեր մտածութիւնները հանգչին Քրիստոսի վրայ, ա՛յնքան աւելի պիտի այլոց խօսինք Անոր նկատմամբ, և զԱնի ներկայացնենք աշխարհի:FF 98.2

    Ս. Գիրքը գիտուններու համար չէ գրուած միայն. ան՝ ընդհակառակը՝ հասարակ ժողովրդին համար է սահմանուած: Քրկութեան համար անհրաժեշտ եղող ճշմարտութիւնները ցորեկուան պէս պայծառ ներկայացուած են հոն, ու ոչ ոք պիտի սխալի և իր ճամբան կորսնցնէ՝ եթէ ոչ անոնք որ կը հետեւին իրենց դատողութեան՝ փոխանակ յստակօրէն յայտնուած Աստուծոյ կամքին:FF 98.3

    Ս. Գրքերուն սորվեցուցած բաներուն մասին պէտք չէ ո և է մարդու վկայութեանը դիմենք, այլ մենք պարտինք քննել Աստուծոյ խօսքերը մեզի համար: Եթէ թողունք որ այլք մեր տեղը խորհրդածեն, մեր կորովը պիտի տկարանայ, և մեր կարողութիւնները զարգանալու անընդունակ պիտի ըլլան: Մտքին ազնիւ կարողութիւնները՝ խորհրդածութեան արժանի նիւթերու վրայ մտածելու մարզանքի պակասութենէն՝ կրնան ա՛յնքան տկարացած ըլլալ, որ կորսնցնեն Աստուծոյ Խօսքին խորին նշանակութիւնները ըմբռնելու կորովը: Միտքը պիտի ընդարձակի՝ եթէ զբաղի Ս. Գրքին նիւթերուն յարաբերութիւնը հետազօտելու, բաղդատելով հատուած հատուածի հետ, և հոգեւոր բաները՝ հոգեւոր բաներու: FF 99.1

    Ոչի՛նչ աւելի յարմար է իմացականութիւնը զօրացնելու քան Ս. Գրքերուն ուսումնասիրութիւնը: Ուրիշ ո և է գիրք չէ կարող այնքան բարձրացնել մտածումներն ու կորով տալ մտաւոր կարողութեանց որքան Աստուածաշունչը՝ իր մեծ և ազնուացուցիչ ճշմարտութիւններովը: Եթէ Աստուծոյ Խօսքը ուսումնասիրուէր պէտք եղածին պէս, մարդիկ պիտի ունենային մտքի լայնութիւն մը, նկարագրի ազնուութիւն մը և հաստատմտութիւն մը զոր ա՜յնքան հազուադէպ է տեսնել այս ժամանակներուն մէջ:FF 99.2

    Սակայն Ս. Գրքերուն արագ ընթերցումէն շատ քիչ կ՚օգտուի մարդը: Մէկը կարող է Աստուածաշունչը կարդալ ծայրէ ծայր առանց կարենալու տեսնել անոր գեղեցկութիւնը կամ հասկնալ անոր խորին և թաքուն նշանակութիւնը: Հատուած մը որ կ՚ուսումնասիրուի՝ մինչև որ միտքը յստակօրէն ըմբռնէ անոր իմաստը և փրկութեան խորհուրդին հետ ունեցած կապակցութիւնը, աւելի կ՚արժէ՝ քան խել մը գլուխներու ընթերցումը առանց որոշ նպատակի և առանց ո և է դրական բան մը սորվելու: Ս. Գիրքը թող քո՛վդ ըլլայ միշտ: Կարդա՛ զայն՝ ամէն անգամ որ առիթ ունենաս. համարներ տպաւորէ՛ յիշողութեանդ մէջ: Նոյն իսկ փողոցը քալած ատենդ՝ կրնաս հատուած մը կարդալ, և անոր վրայ խորհրդածելով միտք պահել զայն:FF 99.3

    Չենք կարող իմաստութիւն ստանալ՝ առանց ամփոփ ուշադրութեան և աղօթքով ուսումնասիրութեան: Ս. Գրքին ինչ ինչ մասերը արդարև ա՛յնքան պարզ են որ սխալ չեն հասկցուիր. բայց կան ուրիշներ որոնց նշանակութիւնը մակերեւութային չէ, և հետեւապէս մէկ ակնարկով աչքի չի զարներ: Պէտք է հատուած հատուածի հետ բաղդատել: Պէտք է խնամքով քննել և աղօթքով խորհրդածել: Ու այդպիսի ուսւմնասիրութիւն մը պիտի լիուլի վարձատրուի: Ինչպէս հանքագործը երկրիս մակերեւոյթին տակ ծածկուած թանկագին մետաղի երակներ կը գտնէ, նոյնպէս և ան որ յարատև կերպով կը քննէ Աստուծոյ Խօսքը՝ պահուած գանձի պէս, անոր մէջ պիտի գտնէ մեծարժէք ճշմարտութիւններ՝ որոնք ծածկուած կը մնան անփոյթ ընթերցողին աչքերէն: Հոգեշունչ խօսքերը՝ սրտին մէջ պահուելով՝ կենաց աղբիւրէն բղխող ջուրի վտակներ պիտի ըլլան:FF 100.1

    Առանց աղօթքի բնաւ պէտք չէ ուսումնասիրել Ս. Գիրքը: Անոր [նուիրական] էջերը բանալէ առաջ՝ պարտինք Ս. Հոգիին լուսաւորութիւնը հայցել, ու պիտի տրուի մեզի: Երբ Յիսուս տեսաւ Նաթանայելը որ Իրեն կուգար, ըսաւ, “Ահա՛ իրաւցընէ Իսրայէացաի մը՝ որուն սրտին մէջ նենգութիւն չկայ:” Նաթանայէլ ըսաւ Անոր, “Ուրկէ՞ կը ճանչնաս զիս:” Յիսուս պատասխանեց, “Դեռ Քիլիպոս քեզ չկանչած, դուն որ թզենիին տակն էիր, Ես քեզ տեսայ:” Յովհ. Ա. 47, 48: Ու Յիսուս պիտի մեզ ալ տեսնէ՝ առանձին աղօթած ատեննիս՝ եթէ ճշմարտութիւնը գիտնալու համար լոյս խնդրենք Իրմէ: Լոյսի աշխարհէն հրեշտակներ պիտի հետն ըլլան անոնց որ խոնարհ սրտով աստուածային առաջնորդութիւն կը խնդրեն: FF 100.2

    Ս. Հոգին կը բարձրացնէ և կը փառաւորէ Քրկիչը: Իր գործն է Յիսուսը ներկայացնել, Անոր արդարութեան մաքրութիւնը, և այն մեծ փրկութիւնը զոր Անով ունինք, Յիսուս կ՚ըսէ, “Իմինէս պիտի առնէ ու ձեզի պատմէ:” Յովհ. ԺԶ. 14: Ճշմարտութեան Հոգին միակ ճշմարիտ ուսուցիչն է աստուածային ճշմարտութեան: Որքա՜ ն մեծ արժէք տուած պէտք է ըլլայ Աստուած մարդկային ազգին՝ ըստ որում Իր Որդին տուաւ՝ որպէս զի Ան մեռնի անոր համար, և Իր Հոգին կը յատկացնէ իբր Ուսուցիչ և շարունակական Առաջնորդ մարդուն: FF 101.1

    Larger font
    Smaller font
    Copy
    Print
    Contents