Loading...
Larger font
Smaller font
Copy
Print
Contents
  • Results
  • Related
  • Featured
No results found for: "".
  • Weighted Relevancy
  • Content Sequence
  • Relevancy
  • Earliest First
  • Latest First
    Larger font
    Smaller font
    Copy
    Print
    Contents

    ԱՂՕԹՔԻ ԱՐՏՕՆՈՒԹԻՒՆԸ

    Բնութեան և յայտնութեան միջոցով, Իր նախախնամութեամբն ու Իր Ս. Հոգիին ազդեցութեամբը՝ Աստուած կը խօսի մեզի: Բայց ատոնք բաւական չեն . պէտք ունինք նաեւ մեր սրտերը Անոր բանալու: Հոգեւոր կեանք և կորով ստանալու համար՝ պարտինք իրական յարաբերութիւն ունենալ մեր երկնաւոր Հօրը հետ: Կրնանք մտքով Անոր վերանալ. կրնանք խորհրդածիլ Անոր գործերուն, ողորմութիւններուն և օրհնութեանցը վրայ. բայց ասի՝ ընդարձակ իմաստով՝ Անոր հետ հաղորդակցիլ չէ: Աստուծոյ հետ հաղորդակցելու համար՝ պէտք է բան մը ունենանք ըսելու Անոր՝ մեր ներկայ կեանքին մասին: FF 102.1

    Աղօթել՝ սիրտը բանալ է Աստուծոյ ՝ իբր մտերիմ բարեկամի մը: Ոչ թէ որովհետև հարկ է մեր ինչ ըլլալը գիտցնել Աստուծոյ, այլ որպէս զի կարող ըլլանք զԻնքն ընդունիլ: Աղօթքը զԱստուած մինչև մեզի չ՚իջեցներ, այլ մեզ մինչև Անոր կը բարձրացնէ:FF 102.2

    Յիսուս՝ երկրի վրայ եղած ատեն ՝ Իր աշակետներուն սորվեցուց թէ ի՛նչպէս աղօթելու է : Ան սորվեցուց անոնց՝ամենօրեայ պէտքերնին ներկայացնել Աստուծոյ, և իրենց բոլոր հոգը Անոր վրայ ձգել: Ու վստահութիւնը զոր անոնց տուաւ՝թէ իրենց աղերսները պիտի լսուէին, մեզի ալ կուտայ:FF 102.3

    Ու Ինքն ալ՝ մարդոց մէջ ապրած ատեն՝ յաճախ աղօթքի կը կայնԷր: Մեր Քրկիչը Ւր վրայ առաւ մեր կարօտութիւններն ու տկարութիւնները, այնպէս որ աղաչաւոր մը և խնդրարկու մը դարձաւ՝ Իր Հօրմէն խնդրելով միշտ զօրութեան նոր մթերք, որպէս զի կարենար պարտականութիւններ կատարել և փորձութեանց դիմադրել: Ամէն բանի մէջ մեր օրինակն է Ան: Մեր տկարութիւններուն մէջ եղբայր մըն է, “ամեն կերպով փորձը առած՝ մեզի նման:” Բայց Ինք անմեղ ըլլալով՝ Իր բնութիւնը մեղքէն ետ կը կենար: Հոգեկան բոլոր տագնապներն ու չարչարանքները կրեց՝ մեղսալից աշխարհի մը մէջ: Իր մարդկային բնութիւնը աղօթքը պահանջ մը և արտօնութիւն մը դարձուց՝ Իրեն: Ան Իր Հօրը հետ հաղորդակցելուն մէջ սփոփանք և ուրախութիւն կը գտնէր: Արդ , եթէ մարդոց Քրկիչը, Աստուածորդին՝ աղօթելու պէտքը կը զգար , ո՛րքան աւելի մենք, տկար և մեղաւոր մահկանացուներ, պարտինք ջերմեռանդ և անդադրում աղօթքի պէտքը զգալ: FF 103.1

    Մեր երկնաւոր Հայրը կը սպասէ մէր վրայ թափելու Իր օրհնութեանց լիութիւնը: Մեզի կը մնայ լիառատ խմել անսահման սիրոյ աղբիւրէն: Ի՜նչքան ապշեցուցիչ բան է որ այնքան քիչ կ՚աղօթենք: Աստուած միշտ պատրաստ է և յօժար՝ լսելու Իր զաւակներուն է՛ն տրուպին անկեղծ աղօթքը , այսուհանդերձ մեր պէտքերն Աստուծոյ գիտցնելու մասին ի՜նչ մեծ դժկամութիւն ցոյց կուտանք: Երկինքի հրեշտակները ի՞նչ կրնան խորհիլ արդեօք խեղճ ու անկարող մարդոց մասին՝ որոնք փորձութեան ենթակայ են, երբ Աստուծոյ անսահման սիրոյ սիրտը կը մորմոքի անոնց հանդէպ, պատրաստ՝ տալու անոնց աւելի քան ինչ որ իրենք կրնան խնդրել կամ խորհիլ, և դեռ ա՜յնքան քիչ կ՚աղօթեն անոնք, ու ա՜յնքան քիչ յաւատք ունին: Հրեշտակները կը սիրեն խոնարհիլ Աստուծոյ առջև. կը սիրեն Անոր մօտն ըլլալ: Աստուծոյ հետ հաղորդակցութիւն իրենց գերագոյն ուրախութիւնը կը նկատեն անոնք. և սակայն, այս աշխարհիս որդիքը, որոնք ա՜յնքան կը կարօտին, այս օգնութեան զոր Աստուած միայն կարող է տալ, կը թուին գոհ քալել՝ զուրկ Իր Հոգիին լոյսէն, և հեռու՝ Իր աստուածային ներկայութենէն:FF 103.2

    Չարին խաւարը կը պարուրէ զանոնք որ աղօթքը զանց կ՚ընեն: Թշնամիին փորձութիւնները մեղանչելու կը թելադրեն զիրենք. ու այս բոլորը՝ քանզի չեն գործածեր անոնք այն արտօնութիւնները զոր Աստուած տուած է անոնց՝ աղօթքի աստուածային կարգադրութեամբ: Աստուծոյ տղաքներն ու աղջիկները ինչո՞ւ դժկամակութիւն ունենան աղօթելու՝ երբ աղօթքը հաւատքին ձեռքին մէջ այն բանալին է որ կը բանայ երկինքի գանձատունն՝ ուր ամփոփուած են Ամենակալին անսահման բարիքները: Առանց անդադրում աղօթքի և աչալուրջ հսկման՝ վտանգի մէջ ենք յարաճուն անհոգութեան մէջ իյնալու և շիտակ ճամբէն խոտորելու: Հակառակորդը անդադար կը ջանայ շնորհաց աթոռին ճամբան խափանել մեր առջև, որպէս զի կարող չըլլանք՝ ջերմեռանդ աղօթքով և հաւատքով՝ շնորհք և զօրութիւն ստանալ, իր փորձութիւններուն դիմադրելու համար:FF 104.1

    Ինչ ինչ պայմաններ կան՝ որոնցմով կարող ենք յուսալ թէ Աստուած պիտի լսէ մեր աղօթքները և պատասխանէ անոնց: Այդ պայմաններուն առաջինն այն է որ Իր օգնութեան կարօտ ըլլալնիս զգանք: Անոր խոստումն է, “Ես ծարաւին վրայ ջուր պիտի թափեմ, և անջուր երկրին վրայ՝ հեղեներ:” Ես. ԽԴ. 3: Անոնք որ անօթի և ծարաւ են արդարութեան, որոնք Աստուծոյ կը փափաքին, կարող են վստահ ըլլալ թէ պիտի պիտի յագենան: Բայց պէտք է որ սիրտը բաց ըլլայ Ս. Հոգիին ազդեցութեանը, եթէ կ՚ուզէ Աստուծոյ օրհնութիւնն ընդունիլ:FF 104.2

    Մեր մեծ կարօտութիւնն ինքնին ապացոյց մըն է, ու աւելի պերճախօսօրէն կը խօսի ի նպաստ մեզի: Բայց պէտք է Տէրը փնտռել՝ որպէս զի այս բաներն ընէ մեզի համար: Ան կ՚ըսէ, “Խնդրեցէ՛ք, ու պիտի տրուի ձեզի:” Ու “Ան որ Իր Որդւոյն չխնայեց, այլ ամենուն համար մատնեց զԱնիկա, ալ ի՞նչպէս Անոր հետ ամէն բաները մեզի չի պարգեւեր:” Մատթ. Է. 7. Հռովմ. Ը. 32:FF 105.1

    Եթէ մեր սրտերուն մէջ անօրէնութիւն պահենք, եթէ ծանօթ մեղքի մը յարինք, Տէրը չպիտի լսէ մեզի. բայց ապաշխարող և կոտրած հոգիին աղօթքը պիտի միշտ ընդունուի: Երբ մեր բոլոր ծանօթ յանցանքներն ուղղուին, կրնանք հաւատալ որ Աստուած մեր աղերսներուն պիտի պատասխանէ: Մեր անձնական արժանիքը պիտի երբէք մեզ չյանձնարարէ Աստուծոյ. Յիսուսի արժանաւորութիւնն է որ պիտի մեզ մաքրէ. այսուհանդերձ գործ մ՚ունինք ընելու՝ որ է ընդունելութեան պայմաններուն համաձայնիլ:FF 105.2

    Ազդու աղօթքին մէկ ուրիշ տարրը հաւատքն է: “Ան որ Աստուծոյ կը մօտենայ՝ պէտք է հաւատայ թէ Աստուած կայ՝ և թէ վարձահատոյց կ՚ըլլայ անոնց որ զԻնքը կը փնտռեն:” Եբր. ԺԱ. 6: Յիսուս Իր աշակերտներուն ըսաւ, “Ինչ բան որ աղօթքով կը խնդրէք, հաւատացէք թէ պիտի առնէք, ու պիտի ըլլայ ձեզի:” Մարկ. ԺԱ. 24: Իր այս խօսքին կը հաւատա՞նք արդեօք:FF 105.3

    Խոստումները ընդարձակ են և անսահման, ու հաւատարիմ է Ան որ խոստացաւ: Երբ խնդրած ատեննիս չենք առներ ինչ որ կը խնդրենք, պէտք է տակաւին հաւատանք որ Տէրը կը լսէ մեզի՝ և թէ պիտի մեր աղօթքներուն պատասխանէ: Ա՜յնքան սխալական ենք մենք ու կարճատես՝ որ երբմեն կը խնդրենք այնպիսի բաներ որոնք մեր բարւոյն համար պիտի չըլլային, ու մեր երկնաւոր Հայրը սիրով կը պատասխանէ մեր աղօթքներուն՝ տալով մեզի ինչ որ մեր ամենամեծ աղէկութեանը համար պիտի ըլլայ, — ինչ որ մենք ինքնին պիտի ցանկայինք՝ եթէ աստուածային լոյսով լուսաւորուած աչքով կարող ըլլայինք տեսնել իրերը այնպէս ինչպէս են իրօք: Երբ մեր աղօթքները կը թուին անպատասխանի մնացած ըլլալ, պէտք է խոստումին կառչինք, քանզի պատասխանին ատենը անշո՛ւշտ պիտի գայ, ու պիտի յայնժամ ստանանք օրհնութիւնը որուն ամենէն աւելի պէտք ունինք: Բայց պնդել թէ մեր աղօթքները պիտի պատասխանուին ա՛յն կերպով իսկ և այն մասնաւոր բանին համար զոր մենք կը ցանկանք, յանձնապաստանութիւն է: Աստուած այնքան իմաստուն է որ չի խաբուիր, և այնքան բարի՝ որ չի խնայեր ո և է լաւ բան անոնցմէ որ ուղղութեամբ կը քալեն: Ապա ուրեմն մի՛ վախնար Անոր վստահելու, նոյն իսկ եթէ աղօթքներուդ պատասխանը իսկոյն չառնես: Դուն Անոր սա հաստատ խստումին վստահէ, “Խնդրեցէ՛ք և պիտի տրուի ձեզի:” Մատթ. Է. 7:FF 106.1

    Եթէ մեր տարակոյսներուն և վախերուն ուշ դնենք, կամ ջանանք բացատրել ամէն ինչ. որ չենք կարող յստակ տեսնել՝ հաւատալէ առաջ, մեր շփոթութիւնները պիտի միայն աւելնան: Բայց եթէ Աստուծոյ գանք, մեր անկարողութեան և կարօտութեան զգացումովն. ու եթէ խոնարհ և վստահող հաւատքով մեր պիտոյքները գիտցնենք Անո՛ր որուն գիտութիւնն անսահման է, որ ամէն ինչ կը տեսնէ արարչութեան մէջ, և որ ամէն ինչ Իր կամքովն ու խօսքովը կը կառավարէ, պիտի լսէ մեր աղաղակն ու լոյս ծագեցնէ մեր սրտերուն մէջ: Անկեղծ աղօթքաը մեզ յարաբերութեան մէջ կը դնէ անսահման Իմաստութեան հետ: Թերեւս ակներև ապացոյց չունենանք՝ մեր աղօթած պահուն, թէ մեր Քրկիչը կարեկցութեամբ և սիրով մեր վրայ կը հակի. բայց Ան մեզ անտես չ՚ըներ: Անոր ակներև հպումը չզգանք ալ, և սակայն իր ձեռքը մեր վրայ է գթութեամբ և խանդաղատանքով:FF 106.2

    Երբ Աստուծոյ գանք՝ շնորհք և օրհնութիւն հայցելու Իրմէ, պարտինք սիրոյ և ներողամտութեան ոգի ունենալ սրտերնուս մէջ: Ի՞նչպէս կրնանք ըսել՝ “Ներէ՛ մեզի մեր պարտքերը ինչպէս մենք ալ կը ներենք մեր պարտականներուն”՝ (Մատթ. Զ. 12) աններող ոգի սնուցանելով: Եթէ կ՚ուզենք որ մեր աղօթքները լսելի ըլլան, պարտինք ներել այլոց ինչպէս և ինչքան կը յուսանք որ ներուի մեզի:FF 107.1

    Աղօթքի մէջ յարատեւութիւնն՝ առնելու մէկ պայմանն է: Պէտք է միշտ աղօթել, եթէ կ՚ուզենք աճիլ հաւատքի և փորձառութեան մէջ: Պարտինք “ստէպ աղօթքի” կայնիլ, “շարունակ աղօթքի ետեւէ” ըլլալ, “անոր մէջ արթուն մնալով գոհութեամբ:” Հռովմ. ԺԲ. 12. Կող. Դ. 2: Պետրոս առաքեալ հաւատացեալները կը յորդորէ սա խօքերով, “Զգա՛ստ եղէք, և աղօթքի մէջ արթո՛ւն կեցէք:” Ա Պետ. Դ. 7: Պօղոս առաքեալն ալ կը պատուիրէ, “Ամէն բանի մէջ աղօթքով և աղաչանքով, գոհութիւնով մէկտեղ ձեր խնդրուածքը Աստուծոյ յայտնի ըլլայ:” Քիլ. Դ. 6: “Բայց դուք՝ սիրելիներ,” կ՚ըսէ Յուդա առաեալը, “անձերնիդ շինելով ամենասուրբ հաւատքին վրայ, և Սուրբ Հոգիով աղօթք ընելով, անձերնիդ Աստուծոյ սիրոյն մէ՛ջ պահեցէք:” Յուդա 20, 21: Յարատև աղօթքը հոգիին անքակտելի կապն է Աստուծոյ հետ, այնպէս որ Աստուծմէ կենդանութիւն կը յորդի մեր կեանքին մէջ. ու մեր կեանքէն մաքրութիւն և սրբութիւն կը ցոլանան առ Աստուած:FF 107.2

    Աղօթքի մէջ արթուն կենալ անհրաժեշտ է. ոչինչ թող քեզ արգիլէ այս բանին մէջ: Ամէն ջանք ըրէ՝ Յիսուսի և քու հոգիիդ միջև հաղորդակցութիւնը սերտ պահելու համար: Ամէն պատեհութիւն ձեռքէ մի՛ փախցներ երթալու համար հոն ուր աղօթք կը մատուցուի: Անոնք որ ճշմարտապէս Աստուծոյ հետ հաղորդ ըլլալ կ՚ուզեն, պիտի երեւան աղօթքի ժողովներում մէջ, հաւատարիմ՝ իրենց պարտականութիւնը կատարելու, և եռանդուն ու անձկալից քաղելու բոլոր օգուտները զոր կրնան ձեռք բերել: Ամէն առիթէ պիտի օգտուին անոնք՝ ինքզինքնին դնելու համար հոն ուր կրնան լոյս ստանալ երկինքէն:FF 108.1

    Ընտանեկան շրջանակի մէջ ալ պարտինք աղօթել. ու մանաւանդ՝ պէտք չէ զանց ընենք առանձին աղօթքը. քանզի ա՛յդ իսկ է հոգիին կեանքը: Անկարելի՛է որ հոգին զարգանայ՝ եթէ աղօթքը զանց կ՚առնուի: Ընտանեկան կամ հրապարակային աղօթքը չի բաւեր միայն: Առանձնութեան մէջ թող հոգին պարզուի Աստուծոյ խորաթափանց ակնարկին տակ: Առանձին աղօթքը պիտի լսուի միայն աղօթք լսող Աստուծմէն: Ոչ մէկ հետաքրքիր ականջ պէտք է լսէ աղերսներուն իմաստը: Առանձին աղօթքի մէջ հոգին զերծ է արտաքին ազդեցութիւններէ, զերծ՝ ամէն յուզումէ: Ան հանդարտօրէն, այլ ջերմեռանդօրէն, առ Աստուած կը բարձրանայ: Քաղցր և տեւական պիտի ըլլայ ազդեցութիւնը որ կը բղխի Անկէ որ գաղտուկը կը տեսնէ, և որուն ականջը բաց է լսելու սրտաբուղխ աղօթքը: Խաղաղ, պարզ հաւատքով՝ հոգին Աստուծոյ հետ կը հաղորդակցի, և կ՚իւրացնէ աստուածային լոյսի ճաճանչները, զօրանալու և հաստատուելու համար Սատանային դէմ մղած պայքարին մէջ: Աստուած մեր զօրութեան աշտարակն է:FF 108.2

    Աղօթէ՛ սենեակիդ մէջ. ու ամենօրեայ զբաղումներուդ գացած ատենդ՝ սիրտդ յաճախ Աստուծո՛յ բարձրացուր: Ենովք այսպէս քալեց Աստուծոյ հետ: Այդ լռին աղօթքները կնդրուկի նման դէպ ի շնորհաց աթոռը կը վերանան: Սատանան պիտի կարող չըլլայ յաղթել այն մարդը որուն սիրտն այսպէս վստահ կը հանգչի Աստուծոյ վրայ:FF 109.1

    Չկայ տեղ կամ ժամանակ ուր յարմար չըլլայ Աստուծոյ աղերս բարձրացնել: Ոչինչ կարող է մեզ արգիլել որ սրտերնիս վեր չբարձրացնենք ջերմեռանդ աղօթքով: Քողոցին խուռն ամբոխին մէջ, մեր գործառնութեանց մէջ՝ կրնանք աղերս մը բարձրացնել Աստուծոյ և Իր առաջնորդութիւնը հայցել՝ ինչպէս ըրաւ Նէեմիա, Արտաշէս թագաւորին առջև իր խնդիրքը մատուցած ատեն: Ուր որ ալ ըլլանք, աղօ- թելու յարմար տեղ մը կրնայ գտնուիլ: Պէտք է միշտ բաց թողունք մեր սրտին դուռը, և հրաւիրենք Յիսուսը որ գայ և բնակի մեր հոգիին մէջ իբր հիւր մը երկնաւոր:FF 109.2

    Թէպէտև մեզ շրջապատող մթնոլորտն ապականեալ ըլլայ, պէտք չէ շնչենք անոր թոյները, այլ կրնանք երկինքի մաքուր օդին մէջ ապրիլ: Ամէն անմաքուր երեւակայութեան և պիղծ մտածման մուտք կարող ենք արգիլել մեր սրտին մէջ անկեղծ աղօթքով Աստուծոյ բարձրացնելով մեր հոգիները: Անոնք որոնց սրտերը բաց են՝ ընդունելու համար Աստուծոյ օգնութիւնը և օրհնութիւնը, պիտի ապրին աւելի սուրբ մթնոլորտի մը մէջ քան այս երկրինը, և Երկինքի հետ մշտակայ հաղորդութիւն պիտի ունենան:FF 110.1

    Յիսուսի նկատմամբ աւելի յստակ հայեացքներ ունենալ կը կարօտինք, ու աւելի կատարեալ ըմբռնում մը՝ յաւիտենական իրողութեանց արժէքին մասին: Սրբութեան գեղեցկութիւնը պէտք է համակէ Աստուծոյ զաւակներուն սրտերը. և որպէս զի ատի իրականանայ, պարտինք Ամենակարողէն խնդրել որ պարզէ մեզի երկնաւոր բաները:FF 110.2

    Թող մեր հոգին դէպ ի վեր ձգտի, որպէս զի Աս- տուած շնորհէ մեզի շնչել երկնային մթնոլորտը Կրնանք այնքան մօտ ապրիլ Աստուծոյ՝ որ ամէն անակնկալ փորձութեան մէջ մեր մտածութիւններն Անոր դառնան այնքան բնականօրէն որքան ծաղիկը արեւուն կը դառնայ:FF 110.3

    Աստուծոյ առջև պարզէ՛ պիտոյքներդ, ուրախութիւններդ, տխրութիւններդ, հնհնուքներդ և վախերդ: Չես կարող զԻնքը յոգնեցնել. չես կարող զԻնքը թուլցնել: Ան որ գլխուդ բոլոր մազերը կը համրէ, անտարբեր չէ իր զաւակներուն պէտքերուն հանդէպ: “Տէրը բազմագութ ու ողորմած է:” Յակ. Ե. 11: Իր սիրալիր սիրտը կը կարեկցի մեր ցաւերուն և անոնց մասին մեր ըսածներուն: Անո՛ր տար ամէն ինչ որ միտքդ կը տագնապեցնէ: Ոչինչ այնքան ծանր է որ Ան չկարենայ վերցնել, քանզի աշխարհները կը բռնէ և տիեզերքին գործերը կը կառավարէ: Մեր խաղաղութեան վերաբերեալ ոչինչ այնքան փոքր է որ անկարեւոր ըլլայ Անոր: Մեր փորձառութեան մէջ չկայ գլուխ մը այնքան մթին որ Ան չկարենայ կարդալ. չկայ անձկութիւն մը այնքան կնճռոտ որ կարող չըլլայ լուծել: Չկայ փորձանք՝ որ կարենայ գալ Իր զաւակներուն է՛ն պզտիկին գլխուն, չկայ նեղութիւն՝ որ կարենայ ճնշել հոգին, չկայ ուրախութիւն՝ որով համակուի սիրտը, չկայ անկեղծ աղերս՝ որ թռչի շրթներէն, որուն մեր երկնաւոր Հայրն անուշադիր մնայ, կամ որուն չշահագրգռուի անմիջապէս: Ան “սրտով կոտրածները կը բժշկէ, ու անոնց խոցերը կը փաթթէ:” Սաղմ. ՃԽԷ. 3: Աստուծոյ և իւրաքանչիւր հոգիի միջեւ եղած յարաբերութիւնները այնքան որոշ և կատարեալ են՝ իբր թէ միայն այն մէկ հոգիին համար Ան Իր սիրելի Որդին տուաւ:FF 111.1

    Յիսուս ըսաւ, “Իմ անունովս պիտի խնդրէք. և չեմ ըսեր ձեզի թէ Ես ձեզի համար պիտի աղաչեմ Հօրը, քանզի Ինք Հայրը ձեզ կը սիրէ:” “Ես ձեզ ընտրեցի,... որ իմ անունովս ինչ որ Հօրմէն խնդրէք, տայ ձեզի:” Յովհ. ԺԶ. 26, 27. ԺԵ. 16: Բայց Յիսուսի անունովն աղօթել՝ այդ անունը աղօթքի մը սկիզբն ու վերջը պարզապէս յիշելէ աւելի բան մըն է: Աղօթել է Յիսուսի մտքովն ու ոգւովը, հաւատալով հանդերձ Իր խոստումներուն, ապաւինելով Իր շնորհքին, և գործելով Իր գործերը:FF 112.1

    Աստուած չ՚ուզեր որ մեզմէ ո և է մէկը ճգնաւոր կամ վանական ըլլայ և քաշուի աշխարհէն՝ ինքզինքը պաշտամունքի նուիրելու համար: Մեր կեանքը պէտք է նման ըլլայ Քրիստոսի կեանքին, — լերան և ամբոխին միջև: Ան որ աղօթելէ ի զատ ուրիշ բան չ՚ըներ, պիտի շուտով դադրի աղօթելէ, և կամ իր աղօթքները պիտի ձեւական կրկնութիւններ ըլլան: Երբ մարդիկ քաշուին ընկերական կեանքէ, Քրիստոնէական պարտականութիւններէ և խաչ կրելէ, երբ դադրին եռանդով գործելէ իրենց Վարդապետին համար՝ որ ա՜յնքան եռանդով գործեց իրենց համար, կը կորսնցնեն աղօթքի նիւթը, ու այլևս ոչինչ կ՚ունենան՝ զիրենք աստուծապաշտութեան մղող: Իրենց աղօթքներն անձնական և եսամոլ կը դառնան: Անոնք չեն կարող մարդկութեան պէտքերուն կամ Քրիստոսի թագաւորութեանը համար աղօթել, ոչ ալ աշխատելու համար զօրութիւն խնդրել:FF 112.2

    Շատ բան կը կորսնցնենք՝ երբ զանց ընենք միասին ընկերակցելու արտօնութիւնը՝ Աստուծոյ ծառայութեանը մէջ զիրար զօրացնելու և քաջալերելու համար: Իր Խօսքին ճշմարտութիւնները մեր մտքերուն մէջ իրենց կենդանութիւնն ու կարեւորութիւնը կը կորսնցնեն: Մեր սրտերը կը դադրին անոնց սրբարար ազդեցութենէն լուսաւորուելէ և արթննալէ, ու կը տկարանանք հոգեւորապէս: Մեր Քրիստոնէական յարաբերութեանց մէջ շատ բան կը կորսնցնենք առ ի չգոյէ փոխադարձ համակրութեան: Ան որ ինք իր մէջ կ՚ ամփոփուի, չի գրաւեր այն դիրքը զոր Աստուած որոշեր է իրեն: Մեր բնաւորութեան մէջ ընկերական տարրերու վայելուչ մշակումը մեզ համակրելի կը կացուցանէ այլոց քով, և զարգացման ու զօրութեան միջոց մըն է մեզի՝ Աստուծոյ ծառայութեանը մէջ:FF 112.3

    Եթէ՝ Քրիստոնեայք ուզէին հաւաքուիլ՝ իրարու հետ խօսակցելու համար Աստուածոյ սիրույն և փրկութեան թանկագին ճշմարտութեանց մասին, իրենց սրտերը պիտի կազդուրուէին, և պիտի զօրացնէին զիրար: Կրնանք ամէն օր աւելի բան սորվիլ մեր երկնաւոր Հօրը մասին, նորանոր փորձառութիւններ ձեռք բերելով իր շնորհքին նկատմամբ. յայնժամ պիտի ցանկանք Անոր սիրոյն մասին խօսիլ. ու երբ ընենք զայդ, մեր սրտերը պիտի հրահրուին և քաջալերուին: Եթէ Յիսուսի նկատմամբ աւելի մտածէինք և խօսէինք, ու նուազ՝ մեր անձին մասին, Անոր ներկայութիւնը պիտի շա՜տ աւելի վայելէինք:FF 113.1

    Եթէ Աստուծոյ մասին խորհիլ ուզէինք ա՛յնքան յաճախ որքան Ան մեզի համար Իր հոգատարութեանն ապացոյցները կուտայ, մեր մտածումներուն մէջ պիտի ըլլար միշտ Ան, ու մեր հաճոյքը պիտի գտնէինք Անոր վայ խօսելու և զԱնի օրհնելու մէջ: Ժամանակաւոր բաներու նկատմամբ կը խօսինք՝ որովհետև մեզ կը շահագրգռեն անոնք: Մեր բարեկամաց մասին կը խօսինք՝ քանզի կը սիրենք զանոնք. մեր ուրախութիւններն ու վիշտերը սերտիւ կապուած են անոնց հետ: Եւ սակայն անհունապէս աւելի մեծ պատճառ ունինք սիրելու զԱստուած քան մեր երկրաւոր բարեկամներն. ու աշխարհի մէջ է՛ն բնական բանն ըլլալու էր մեզի մեր բոլոր մտածումներուն մէջ առաջին տեղը տալ Անոր, Իր բարութեանը մասին խօսիլ, և Իր զօրութիւնը պատմել: Մեզի շնորհած Իր առատ պարգեւներուն նպատակն այն չէր որ անոնք մեր մտածումներն ու սէրը ա՜յնքան գրաւէին որ ոչինչ ունենայինք Աստուծոյ տալու. այդ պարգեւները պէտք է շարունակ զԱնի յիշեցնեն մեզի, ու մեր երկնաւոր Բարերարին կապեն մեզ: Շա՜տ ցած մակարդակի վրայ կ՚ապրինք մենք: Բարձրացնե՛նք մեր աչքերը դէպ ի բաց դուռն երկնային սրբարանին ուր Աստուծոյ փառաց լոյսը կը փայլի երեսին վրայ Քրիստոսի՝ որ “բոլորովին կարող ալ է ապրեցնելու զանոնք որ Իրմով Աստուծոյ կուգան:” Եբր. Է. 25: Պէտք է աւելի՛ գոհանալ Տէրոջմէն՝ “Իր ողորմութեանը համար, ու մարդոց որդիներուն Իր ըրած հրաշքնեուն համար:” Սաղմ. ՃԷ. 8: Մեր բարեպաշտական վարժութիւնները պէտք չէ կայանան միայն խնդրելու մէջ: Միշտ ու մի միայն մեր նոր պէտքերուն վրայ չխորհինք, այլ նաև այն շնորհքներուն՝ զոր կը ստանանք մեր երկնաւոր Հօրմէն:FF 113.2

    Շատ չենք աղօթեր մենք, այլ չափազանց ժլատ ենք գոհանալու մասին: Աստուծոյ ողորմութիւնները կ՚ընդունինք, և սակայն ի՜նչքան քիչ կը գոհանանք Անկէ՝ մեզի ըրածներուն համար:FF 114.1

    Տէրը հին ատեն Իսրայէլի որդւոցը սա պատուէրը տուած էր երբ անոնք կը ժողվուէին Իր պաշտամուն- քին համար, “Հոն ձեր Տէր Աստուծոյն առջև ուտէք, և ձեր Տէր Աստուածը ձեզ օրհնելուն համար ձեր ամէն ձեռք զարկած բաներուն մէջ՝ ուրախանաք թէ՛ դուք, և թէ ձեր ընտանիքը:” Բ Օր. ԺԲ. 7: Ամէն ինչ որ կ՚ըլլայ Աստուծոյ փառքին համար, պէտք է ըլլայ ուրախութեամբ, օրհներգութեամբ և գոհաբանութեամբ՝ և ոչ թէ տխրութեամբ:FF 114.2

    Մեր Աստուածը գորովագութ և ողորմած Հայր մըն է: Անոր ծառայութիւնը պէտք չէ նկատուի իբր սիրտ տխրեցնող և տաժանելի բան մը. ընդհակառակը՝ մեզի համար բերկրութիւն մը պէտք է ըլլայ զԱստուած պաշտելն ու Իր գործին մէջ աշխատիլը: Աստուած չ՚ուզեր որ Իր զաւակները, որոնց համար ա՛յնքան մեծ փրկութիւն է պատրաստած, նկատեն զԻնքն իբր խիստ և անողոք հարստահարիչ մը: Ան իրենց լաւագոյն բարեկամն է. ու երբ զինքը պաշտեն, կ՚ուզէ անոնց հետն ըլլալ, զանոնք օրհնելու և մխիթարելու համար, ուրախութեամբ և սիրով համակելով անոնց սրտերը: Տէրը կը ցանկայ որ Իր զաւակները մխիթարուին Իր ծառայութեանը մէջ, և աւելի հաճոյք քան թէ տխրառիթ բաներ գտնեն Իր գործին մէջ: Ան կը ցանկայ որ զԻնքը պաշտելու եկողները Իր հոգածութեանը և սիրոյն մասին թանկագին խորհրդածութիւններ տանին իրենց հետ, որպէս զի ուրախ ըլլան իրենց ամենօրեայ կեանքին բոլոր զբաղումներուն մէջ, և որպէս զի շնորհք ստանան՝ պարկեշտօրէն և հաւատարմօրէն գործելու ամէն բանի մէջ:FF 115.1

    Խաչին շո՜ւրջը ժողվուինք: Թող Քրիստոս ու Ան՝ խաչը ելած, նիւթն ըլլայ մեր խորհրդածութեան և խօսակցութեան ու մեր ամենաքաղցր յոյզերուն: Մեր մի՛տքը պահենք ամէն օրհնութիւն որ կը ստանանք Աստուծմէ, ու երբ հասկնանք Իր մեծ սէրը, ամէն ինչ յանձնե՛նք այն ձեռքին որ խաչին վրայ գամուեցաւ մեզի համար:FF 115.2

    Քառաբանութեան թեւերուն վրայ է որ հոգին կրնայ ալ աւելի մօտ թռչիլ երկինքին: Երկնային սրբարանին մէջ Աստուած կը պաշտուի երգերով և նուագարաններով, ու մենք՝ մեր երախտագիտութիւնն արտայայտած ատեն՝ երկնաւոր զօրքերուն պաշտամունքին մօտեցած կ՚ըլլանք: “Շնորհակալութիւն մատուցանողը զԻս կը փառաւորէ:” Սաղմ. Ծ. 23: Ապա ուրեմն յարգալիր ցնծութիւնով մեր Ստեղծողին առջեւը գանք՝ “գովութիւնով և օհնութեան ձայնով:” Ես. ԾԱ. 3:FF 116.1

    Larger font
    Smaller font
    Copy
    Print
    Contents