Loading...
Larger font
Smaller font
Copy
Print
Contents
  • Results
  • Related
  • Featured
No results found for: "".
  • Weighted Relevancy
  • Content Sequence
  • Relevancy
  • Earliest First
  • Latest First
    Larger font
    Smaller font
    Copy
    Print
    Contents

    Գլուխ 4—ԱՌՈՂՋՈՒԹԻԻՆԸ ԸՆՏԱՆԵԿԱՆ ՅԱՐԿԷՆ ԿԸ ՍԿՍԻ

    Գաղափարը թէ մարդը տաճար մըն է Աստուծոյ, բնակութիւն մը Անոր փառքին յայտնուելուն համար, պէտք է ամենամեծ քաջալերութիւնը ըլլայ մեր ֆիզիքական կարողութեանց հոգածութեան եւ զարգացման: Արարիչը ահաւոր եւ զարմանալի կերպով գործած է մարդուս կազմուածքին մէջ, եւ կը յանձնարարէ մեզ մեր ուսումնասիրութեան առարկայ ընել զայն, հասկնալ անոր պէտքերը, եւ կատարել մեր բաժինը զայն պահպանելու վնասէ եւ ապականութենէ:ԼԱ 29.1

    Լաւ առողջութիւն ունենալու համար պէտք է լաւ արիւն ունենանք, որովհետւ արիւնը կեանքին հոսանքն է: Ան կը նորոգէ մարմինին մաշած մասերը եւ կը սնուցանէ զայն: Երբ անոր հայթայթուի կերակուրի պատշաճ տարրերը, եւ երբ ան մաքրուի եւ կազդուրուի մաքուր օդի շփմամբ, կեանք եւ կորով կը տանի մարմինին բոլոր մասերուն մէջ: Որքան կատարեալ ըլլայ անոր շրջանը այնքան լավագոյն կերպով պիտի կատարուի անոր պաշտօնը:ԼԱ 29.2

    Սիրտի իւրաքանչիւր զարկով արիւնը պէտք է շուտով եւ դիւրութեամբ գտնէ ճամբան դէպի մարմնին ամէն մասերը: Անոր շրջանը պէտք չէ արգիլուի սեղմ զգեստներով կամ կապերով, եւ կամ ձեռքերու եւ ոտքերու վրայ անբաւական հագուստներով:Ինչ որ կ’արգիլէ շրջանը, ետ կը մղէ արիւնը դէպի մարմինին կենսական գործարանները եւ արիւնախռնում յառաջ կը բերէ: Յաճախ արդիւնքը կ’ըլլայ գլխացաւ, հազ, սիրտի բաբախում կամ անմարսողութիւն:ԼԱ 29.3

    Լաւ արիւն ունենալու համար պէտք է լաւ շնչենք: Մաքուր օդի լեցուն եւ խորունկ ներշնչումները ,որ կը լեցնեն թոքերը թթուածինով, կը մաքրեն արիւնը: Անոնք արեան կու տան փայլուն գոյն մը եւ կը ղրկեն զայն , իբրեւ կենսատու հոսանք մը, մարմինին ամէն մասերուն մէջ: Լաւ շնչառութիւն մը կ’ամոքէ ջիղերը, կը գրգռէ ախորժակը, եւ աւելի կատարեալ կը դարձնէ մարսողութիւնը,եւ կու տայ լաւ եւ կազդուրիչ քուն մը:ԼԱ 30.1

    Պէտք է կարելի ամէն ազատութիւն տրուի թոքերուն: Անոնց տարողութիւնը կը զարգանայ ազատ շարժումով, կը նուազի երբ անոնք կծկուած են եւ ճնշուած: Այս է գէշ հետեւանքը այնքան սովորական եղող ունակութեանը անոնց որ նստողական կեանքի ենթարկուած ըլլալով կորաքամակ դիրքով կ’աշխատին: Այս դիրքին մէջ անկարելի է խորունկ շնչել: Մակերեսային շնչառութիւնը քիչ ատենէն սովորութիւն կ’ըլլայ, եւ թոքերը կը կորսնցնեն ընդլայնելու իրենց կարողութիւնը: Նման արդիւնք մը յառաջ կու գայ նեղ երիզումներով: Բաւական տեղ չի տրուիր կուրծքին ստորին մասին, որովայնի գնդերներուն, որոնք սահմանուած են օգնելու շնջառութեան, ազատ ասպարէզ չեն ունենար, եւ թոքերը կը ճնշուին իրենց գործունէութեան մէջ:ԼԱ 30.2

    Այսպէսով թթուածինի անբաւական քանակութիւն մը կը ստացուի: Արիւնը դանդաղօրէն կը շարժի: Աւերիչ եւ թունաւոր նիւթը, որ դուրս պիտի նետուէր թոքերու արտաշնչութեամբ, ներսը կը մնայ եւ արիւնը կը դառնայ անմաքուր: Ոչ միայն թոքերը, այլ եւ ստամոքսը, լեարդը եւ ուղեղը կ’ազդուին: Մորթը կը գունատի. Մարսողութիւնը կը յապաղի. սիրտը կը ճնշուի. ուղեղը կը մթագնի. մտածումները կը շփոթին. թախծութիւն կ’իջնէ հոգիներու վրայ. բոլոր կազմուածքը կը դառնայ նուաճուած եւ անգործօն, եւ յատկապէս ենթակայ հիւանդութեան: ԼԱ 30.3

    Թոքերը շարունակաբար անմաքրութիւնները դուրս կը նետեն, եւ կը կարօտին տեւականապէս ստանալու մաքուր օդ: Անմաքուր օդը չկրնար հայթայթել թթուածինի անհրաժեշտ քանակութիւնը, եւ արիւնը կ’անցնի ուղեղինե եւ ուրիշ գործարաններուն առանց կենսունականալու: Այս պատճառով կատարեալ օդափոխումը անհրաժեշտ կը դառնայ: Փակուած եւ գէշ օդաւորուած սենեակներու մէջ ապրիլը, ուր օդը ապականած եւ մեռած է, կը տկարացնէ բոլոր կաղմուածքը: Ան յատկապէս զգայուն կը դառնայ ցուրտի ազդեցութեան, եւ թեթեւ ենթարկում մը հիւանդութեան կ’առաջնորդէ: Տան մեջ փակուած կեանքը տժգոյն եւ տկար կ’ընէ շատ կիներ: Անոնք նոյն օդը կը շնչեն դարձեալ եւ դարձեալ մինչեւ ան կը բեռնաւորուի թոքերէն եւ մարմինին ծակտիկներէն դուրս նետուած թունաւոր նիւթով, եւ անմաքրութիւնները դարձեալ ետ կը դարձուին արեան:ԼԱ 30.4

    Շէնքերու շինութեան մէջ,ըլլան հանրային նպատակներու համար,կամ իբրեւ բնակարաննր, ուշադրութիւն պէտք է ըլլայ հայթայթելու լաւ օդաւորում եւ առատ արեւի լոյս: Եկեղեցիներ եւ վարժարանի դասարաններ յաճախ թերի են այս մասին: Պատշաճ օդաւորման մէջ ցոյց տրուած զանցառութիւնը պատճառ կ’ըլլայ մրափումներու եւ ուշադրութեան պակասի որոնք կը ջլատեն շատ քարոզներու ազդեցութիւնը եւ ուսուցիչին գործն ալ կ’ընեն տաժանելի եւ անազդեցիկ:ԼԱ 31.1

    Որքան որ կարելի է մարդկային բնակութեան յատկացուելիք շէնքերը պէտք է բարձր տեղերու եւ լաւ ցամքեցուցուած գետիններու վրայ շինուին: Ասիկա պիտի ապահովէ չորուկ վայրեր եւ առաջքը պիտի առնէ խոնաւութեան եւ ապականիչ գոլորշիներու հետեւանք եղող հիւանդութիւններու վտանգին: Այս խնդիրը յաճախ շատ թեթեւօրէն նկատողութեան կ’առնուի: Շարունակական վատառողջութիւն, լուրջ հիւանդութիւններ, եւ շատ մահեր յառաջ կու գան ցած եւ գէշ ցամքեցուցուած վայրերու խոնաւութեան եւ ժահահոտութեան պատճառաւ:ԼԱ 31.2

    Տուներու շինութեան մէջ մասնաւորաբար կարեւոր է ապահովել անթերի օդաւորում եւ առատ արեւի լոյս: Տան բոլոր սենեակներուն մէջ թող օդի հոսանք մը եւ լոյսի առատութիւն մը ըլլայ: Ննջասենեակները պէտք է այնպէս մը կարգադրուած ըլլան որ գիշեր եւ ցորեկ օդի ազատ շրջան մը ըլլայ: Ոչ մէկ սենեակ յարմար է իբրեւ ննջասենեակ ծառայելու ցորչափ ամէն օր բաց չի ձգուիր օդի եւ արեւի առջեւ: Շատ երկիրներու մէջ ննջասենեակները տաքցնելու յարմարութիւններով օժտուած են որպէս զի ցուրտ եւ թաց եղանակներուն մէջ ջեռուցուին եւ չորցուին:ԼԱ 32.1

    Հիւրասենեակին ալ պէտք է հաւասարապէս հոգ տարուի այն սենեակներուն նման որ շարունակական գործածութեան յատկացուած են: Ուրիշ ննջասենեակներուն նման, ան ալ պէտք է օդ եւ արեւ ունենայ եւ պէտք է օժտուած ըլլայ տաքցնելու միջոցներով, չորացնելու համար խոնաւութիւնը որ միշտ կը հաւաքուի սենեակի մը մէջ որ յաճախ չի գործածուիր: Ով որ կը քնանայ անարեւ սենեակի մը մէջ, կամ կը գործածէ անկողին մը որ բոլորովին չէ չորցուած եւ հովահրուած, այսպէս կ’ընէ իր առողջութեան, եւ յաճախ իր կեանքին գնով:ԼԱ 32.2

    Տուն շինելու մէջ շատեր զգուշութեամբ պատրաստութիւններ կը տեսնեն իրենց տունկերուն եւ ծաղիկներուն համար: Ջերոցը կամ պատուհանը որ յատկացուած է անոնց պահպանման, տաք է եւ արեւոտ. որովհետեւ առանց ջերմութեան, օդի եւ արեւի, տունկերը չեն ապրիր եւ ծաղկիր: Եթե այս պայմանները անհրաժեշտ են տունկերու կեանքի համար, որքան աւելի անհրաժեշտ են անոնք մեզի ու մեր ընտանիքներուն եւ հիւրերուն առողջութեան համար:ԼԱ 32.3

    Եթէ կ’ուզենք որ մեր տուները ըլլան մնայուն առողջութեան եւ երջանկութեան վայրեր, պէտք է զանոնք դնենք դաշտավայրերու ժահահոտութիւններէն եւ մառախուղներէն բարձր դիրքերու վրայ, եւ ազատ մուտք տանք երկինքի կենսատու միջոցներուն: Հրաժարեցէ’ք ծանր վարագոյրներէ, բացէ’ք վարագոյրներն ու փեղկերը, թոյլ մ’ի տաք որ որթատունկերը, որքան ալ գեղեցիկ, շուք տան պատուհաններուն եւ մի’ թոյլատրէք որ ծառերը տան այնքան մօտ ըլլան որ խափանեն արեւի փայլունութիւնը: Արեւի ճառագայթը կրնայ գունաթափ ընել կարասիներն ու գորգերը եւ աղօտացնել պատկերներու շրջանակները. Բայց ան առողջ կարմրութիւն մը պիտի բերէ զաւակներու այտերուն վրայ:ԼԱ 32.4

    Անոնք որ տարեցներ ունին իրենց խնամքներուն տակ պէտք է յիշեն որ մասնաւոապէս անոնք տաքուկ եւ հանգստաւէտ սենեակներու պէտք ունին: Տարիներ որքան յառաջանան կորովը կը պակսի, թողլով նուազ կենսունակութիւն անոնցմով դիմադրելու վատառողջ ազդեցութիւններու, ասկէ յառաջ կու գայ մեծ անհրաժեշտութիւնը տարեցներու համար ունենալու առատ արեւ, եւ թարմ, մաքուր օդ:ԼԱ 33.1

    Խղճամիտ մաքրասիրութիւն էական է թէ’ ֆիզիքական եւ թէ’ մտային առողջութեան համար: Անմաքրութիւնները անդադար մարմինէն դուրս կը նետուին մորթին միջոցաւ:Անոր միլիոնաւոր ծակտիկները շուտով կը գոցուին եթէ յաճախակի լոգանքներով անոնք մաքուր չպահուին. եւ անմաքրութիւնները, որ մորթին միջոցաւ դուրս պէտք է գային, յաւելուածական բեռ մը կ’ըլլան միւս արտաքսող գործարաններուն:ԼԱ 33.2

    Շատեր պիտի օգտուէին ամէն օր, առտուն կամ երեկոյին, զով կամ գաղջ լոգանք մը առնելով: Փոխանակ պաղ առնելու ենթակայութիւնը աւելցնելու, լոգանք մը, պատշաճօրէն առնուած, կը կազդուրէ ցրտառութեան դէմ, որովհետեւ կը բարւոքէ շրջանը, արիւնը մարմնին մակերեսին կը բերուի եւ աւելի դիւրին եւ կանոնաւոր հասանք մը կը ստացուի: Միտքն ու մարմինը հաւասարապէս կը կազդուրուին: Դնդերները կ’ըլլան աւելի ճկուն, իմացականութիւնը կը դառնայ աւելի պայծառ: Լոգանքը ամո- քիչ է ջիղերու համար: Ան կ’օգնէ աղիքներու, ստամոքսի եւ լեարդի գործունէութեան, իւրաքանչիւրին տալով առողջութիւն եւ կորով, եւ կը յառաջացնէ մարսողութիւնը:ԼԱ 33.3

    Կարեւոր է նաեւ որ զգեստները մաքուր պահուին: Հագուստները կը ծծեն մարմինէն արտաքսուած թոյները որ կ’անցնին մարմինին ծակտիկներէն. եթէ անոնք յաճախակի չփոխուին եւ չլուացուին, անմաքրութիւնները նորէն պիտի ծծուին մարմինէն:ԼԱ 34.1

    Անմաքրութեան ամէն մէկ տեսակը կը ձգտի հիւանդութեան: Մութ, զանց առնուած անկիւններու մէջ, փտող աղբերու մէջ, խոնաւութեան եւ մգլոտութեան եւ բորբոսներու մէջ մահառիթ մանրէներ կը վխտան: Բանջարեղէնի աւելորդ մասեր, թափած տերեւներու դէզեր, պէտք չէ որ տան մօտ մնան փտելու եւ օդը թունաւորելու: Պէտք չէ հանդուրժել որ տան մէջ գտնուի, անմաքուր եւ փտելով քայքայւող ոեւէ բան: Կատարելապէս առողջապահիկ ենթադրուած քաղաքներու մէջ ջերմախտի շատ համաճարակներու ծագման պատճառ նկատուած են մի քանի անհոգ տանուտէրերու բնակութեանց շուրջ գտնուած փտած նիւթերը:ԼԱ 34.2

    Կատարեալ մաքրասիրութիւն, արեւի առատ լոյս, ընտանեկան կեանքի ամէն մէկ մանրամասնութեան մէջ առողջապահական պայմաններու խնամոտ կիրարկում էական են հիւանդութիւններէ ազատութեան, եւ տան բնակիչներուն զուարթութեան եւ կորովին պահպանման համար: ԼԱ 34.3

    Larger font
    Smaller font
    Copy
    Print
    Contents