Loading...
Larger font
Smaller font
Copy
Print
Contents
  • Results
  • Related
  • Featured
No results found for: "".
  • Weighted Relevancy
  • Content Sequence
  • Relevancy
  • Earliest First
  • Latest First
    Larger font
    Smaller font
    Copy
    Print
    Contents

    Գլուխ 2—ԸՆՏԱՆԵԿԱՆ ՅԱՐԿԻՆ ԺԱՌԱՆԳՈՒԹԻԻՆԸ

    Մարդկային ընկերութիւնը կազմուած է ընտանիքներէ, եւ է ինչ որ ընտանիքի պետերը զայն կ`ընեն: Սիրտէն են «կեանքի աղբիւրները» (Առակաց 4:23) . եւ համայնքին, եկեղեցիին եւ ազգին սիրտը ընտանիքն է: Ընկերութեան բարելաւութիւնը, եկեղեցիին յաջողութիւնը եւ ազգին բարգաւաճումը կախում ունին ընտանեկան ազդեցութիւններէն:ԼԱ 16.1

    Ընտանեկան կեանքի կարեւորութիւնն ու առիթները պատկերացուած են Յիսուսի կեանքին մէջ: Ան որ երկինքէն եկաւ ըլլալու մեր օրինակն ու ուսուցիչը, երեսուն տարիներ անցուց իբրեւ անդամ մը Նազարէթ բնակող ընտանիքին: Այն տարիներու մասին Աստուածաշնչական արձանագրութիւնը շատ կարճ է: Հզօր հրաշագործութիւններ ժողովուրդին ուշադրութիւնը չի գրաւեցին: Անձկալից բազմութիւններ Անոր քայլերուն չհետեւեցան եւ չլսեցին Անոր խօսքը: Սակայն բոլոր այս տարիներու միջոցին Ան կը կատարէր Իր աստուածային առաքելութիւնը: Ան ապրեցաւ իբրեւ մեզմէ մէկը, մասնակցելով ընտանեկան կեանքին, ենթարկուելով անոր կարգապահութեան, կատարելով անոր պարտականութիւնները, կրելով անոր բեռերը: Խոնարհ յարկի մը պատսպարող հոգածութեան տակ, բաժնեկից ըլլալով մեր հասարակ վիճակին փարձառութիւններուն, Ան «կը զարգանար իմաստութիւնով ու հասակով, եւ Աստուծմէ ու մարդոցմէ շնորհք գտնելով»: Ղուկաս 2:52:ԼԱ 16.2

    Փրկչին պատանեկութեան տարիները աւելի քան օրինակ մըն են երիտասարդութեան համար: Անոնք դաս մըն են, եւ պէտք է քաջալերութիւն մը ըլլան ամէն ծնողքի: Ընտանիքի եւ դրացնութեան պարտականութիւններու շրջանակը ջանքի ճիշդ առաջին ասպարէզն է անոնց համար որոնք պիտի ուզէին գործել իրենց նմաններուն բարձրացման համար: Չկայ աւելի կարեւոր գործունէութեան դաշտ մը քան ա’յն որ յանձնուած է ընտանիքի հիմնադիրներուն եւ պահապաններուն: Մարդկային էակներու վստահուած ոչ մէկ գործ կու տայ աւելի մեծ եւ աւելի հեռահաս արդիւնքներ քան հայրերու եւ մայրերու գործը:ԼԱ 17.1

    Այսօրուան երիտասարդներուն եւ տղոց միջոցաւ է որ ընկերութեան ապագան պիտի սահմանուի, եւ ինչ որ երիտասարդներն ու փոքրիկները պիտի ըլլան, կախում ունի ընտանեկան յարկէն: Մարդկութիւնը պատուհասող հիւանդութեանց եւ թշուառութեանց եւ ոճիրներու մեծագոյն մասը հետեւանքն է ընտանեկան ուղիղ դաստիարակութեան պակասին: Եթէ ընտանեկան կեանքը ըլլար անբիծեւ անկեղծ, եթէ անոր հոգածութենէն դուրս եկող զաւակներ պատրաստուած ըլլային դիմաւորելու կեանքի պատասխանատուութիւններն ու վտանգները, ինչպիսի փոփոխութիւն մը պիտի տեսնուէր աշխարհի մէջ:ԼԱ 17.2

    Մեծ ջանքեր ի գործ կը դրուին, գրեթէ անսահման ժամանակ եւ դրամ եւ աշխատութիւն կը վատնուի, գէշ մոլութիւններու զոհերուն բարեկարգութեանը համար եղած ձեռնարկներու եւ հաստատութիւններու համար: Եւ նոյնիսկ այս ջանքերը անկատար են դիմաւորելու մեծ կարօտութիւնը, եւ որքան փոքր է ձեռք բերուած արդիւնքը: Որքան քիչեր տեւականապէս բարեկարգուած են:ԼԱ 17.3

    Բազմութիւններ լաւագոյն կեանքի մը կը բաղձան, բայց մոլութեան տիրապետութենէն ազատուելու քաջութիւնն ու հաստատամտութիւնը կը պակսի իրենց: Ետ կը կենան պահանջուած ջանքէն ու պայքարէն ու զոհողութենէն, ու ահա կեանքերնին խորտակուած եւ կործանած է: Այսպէս նոյնիսն ամենափայլուն միտքի տէր մարդիկ, բարձր իղձերու եւ ազնիւ կարողութիւններու տէր մարդիկ, որոնք այլապէս բնութեամբ եւ դաստիարակութեամբ յարմար էին գրաւելու վստահութեան եւ պատասխանատուութեան դիրքեր, վատթարացած են եւ կորսուած թէ’ այս կեանքին եւ թէ’ հանդերձեալին համար:ԼԱ 17.4

    Անոնց համար, որ կը բարեկարգուին, որքան դառն է պայքարը` վերստանալու իրենց առնութիւնը:Եւ իրենց կեանքի բոլոր տեւողութեան ընթացքին, քայքայուած առողջութեամբ,վարանոտ կամքով, խաթարուած իմացականութեամբ եւ հոգեկան տկարացած կարողութեամբ, շատեր իրենց ցանած վատ սերմերուն արդիւնքը կը հնձեն: Որքան շատ բան կարելի էր ի գլուխ հանել եթէ հարուածը սկիզբէն տրուէր չարին:ԼԱ 18.1

    Այս գործը մեծ մասամբ ծնողներէ կը սպասուի: Ընկերական մարմինը քաղցկեղի մը պէս կրծող անժուժկալութեան եւ ուրիշ չարիքներու յառաջացումը կասեցնելու համար ի գործ դրուած ջանքերուն մէջ եթէ աւելի ուշադրութիւն դարձուէր դաստիարակելու ծնողները թէ ինչպէս պէտք է կազմեն իրենց զաւակներուն սովորութիւններն ու նկարագիրը, հարիւրապատիկ աւելի օգուտ ձեռք պիտի բերուէր: Սովորութիւնը, որ այնքան ահաւոր ոյժ մըն է չարիքի համար, անոնց կարողութեան սահմանին մէջ է բարիքի ոյժ մը ընելը: Անոնք պէտք է հասանքին դէմ իրենց գործը սկսին ակէն,եւ կարող պիտի ըլլան հոսանքը լաւ ուղղութեան մէջ դնելու:ԼԱ 18.2

    Ծնողներ կարող են առողջ, երջանիկ կեանքի մը հիմը դնել իրենց զաւակներուն համար: Անոնք կրնան իրենց ընտանեկան յարկերէն դուրս ղրկել զանոնք փորձութեան դիմադրելու համար բարոյական կորովով, եւ կեանքի խնդիրներուն հետ յաջողութեամբ պայքարելու համար քաջութեամբ եւ զօրութիւնով: Անոնք կրնան անոնց մէջ ներմուծել նպատակը եւ զարգացնել զօրութիւնը` ընելու անոնց կեանքերը փառք մը Աստուծոյ եւ օրհնութիւն մը աշխարհի: Անոնք կրնան շիտակ ճամբաներ ընել անոնց ոտքերուն, յաջողութեան մէջ թէ ձախողութեան, դէպի վեր փառաւոր բարձրութիւնները:ԼԱ 18.3

    Ընտանեկան յարկին պաշտօնը կը տարածուի բուն իր անդամներէն ալ անդին: Քրիստոնեայ ընտանեկան յարկը պէտք է որ կեանքի ճշմարիտ սկզբունքներուն գերազանցութիւնը պատկերացնող իրագիտութեան դաս մը ըլլայ: Այսպիսի պատկերացում մը բարիի համար զօրութիւն մը պիտի ըլլայ աշխարհիս մէջ: Ճշմարիտ ընտանեկան յարկի մը մարդկային սիրտերու եւ կեանքերու վրայ ունեցած ազդեցութիւնը շատ աւելի զօրաւոր է քան ոեւէ քարոզ որ կարելի ըլլայ խօսիլ: Մինչ երիտասարդութիւնը դուրս կ’ելլէ այսպիսի յարկէ մը, իրենց սորված դասերը ուրիշներու կը հաղորդուին: Կեանքի ազնուագոյն սկզբունքներ կը ներմուծուին ուրիշ ընտանիքներու մէջ, եւ բարձրացնող ազդեցութիւն մը կը սկսի գործել համայնքին մէջ:ԼԱ 19.1

    Ուրիշ շատեր կան որոնց համար կրնանք մեր տուները օրհնութիւն մը ընել: Մեր ընկերական հիւրընկալութիւնները պէտք չէ որ թելադրուին աշխարհիկ սովորութիւններէ, հապա Քրիստոսի հոգիով եւ Անոր խօսքին ուսուցումով:ԼԱ 19.2

    «Եթէ ճաշ կամ ընթրիք կ’ընես» Քրիստոս ըսաւ, « մի կանչեր քու բարեկամներդ, ոչ ալ քու եղբայրներդ, եւ ոչ քու ազգականներդ, ու ոչ քու հարուստ դրացիներդ, որ չըլլայ թէ անոնք ալ փոխարէնը քեզ հրաւիրեն, ու քեզի հատուցում ըլլայ: Հապա երբ հացկերոյթ կ’ընես, աղքատներ, պակասաւորներ, կաղեր ու կոյրեր հրաւիրէ. ու երանելի պիտի ըլլաս, վասն զի անոնք չեն կրնար փոխարէնը քեզի հատուցանել. Քանզի արդարներուն բարութիւն առած ատենը փոխարէնը քեզի պիտի հատուցուի»: Ղուկաս 14:12-14:ԼԱ 19.3

    Ասոնք հիւրեր են զորս ընդունիլը ձեր վրայ ծանր բեռ մը պիտի չըլլայ: Պէտք պիտի չունենաք խնամեալ եւ մեծածախս հիւրասիրութիւն մը սարքելու անոնց համար: Պէտք պիտի չունենաք ցուցադրութեան ջանքերու: Հաճելի բարեգալուստի մը ջերմութիւնը,ձեր վառարանին քով տեղ մը,ձեր ընտանեկան սեղանին շուրջ բազմոց մը, աղօթքի ժամուան օրհնութեան մասնակից ըլլալու արտօնութիւնը, ասոնցմէ շատերուն համար երկինքի նշոյլի մը պէս պիտի ըլլայ:ԼԱ 19.4

    Մեր համակրութիւնները պէտք է յորդելով ողողեն եսին եւ ընտանիքի շրջանակի սահմանները:Թանկագին առիթներ կան անոնց համար որոնք իրենց ընտանեկան յարկերը օրհնութիւն մը պիտի ընեն այլոց: Ընկերային ազդեցութիւնը հրաշալի զօրութիւն մըն է: Կրնանք գործածել զայն, եթէ ուզենք, իբրեւ միջոց մը օգնելու մեր շուրջիններուն:ԼԱ 20.1

    Մեր ընտանեկան յարկերը պէտք է ապաստանի վայր մը ըլլան փորձութեան ենթարկուած երիտասարդութեան համար: Շատեր կան որ կը կենան ճամբաներու բաժանման կէտին վրայ: Իւրաքանչիւր ազդեցութիւն, իւրաքանչիւր տպաւորութիւն կը վճռէ ընտրութիւնը որ կը ձեւակերպէ անոնց ճակատագիրը թէ’ հոս եւ թէ’ հանդերձեալին մէջ: Չարը կը հրաւիրէ զանոնք: Անոր ժամադրավայրերը եղած են փայլուն եւ յանկուցիչ: Անոնք բարի գալստեան ընդունելութիւն մը ունին ամէն եկողին համար: Մեր բոլորտիքը երիտասարդներ կան որոնք ընտանեկան յարկ չունին, եւ շատեր ալ կան որոնց յարկերը չունին ձեռնտու եւ վեր վերցնող կարողութիւն. եւ երիտասարդութիւնը կը քշուի չարիքի մէջ: Անոնք վար դէպի կործանում կ’երթան մեր իսկ դռներուն ստուերին մէջ:ԼԱ 20.2

    Այս երիտասարդները կը կարօտին համակրութեամբ իրենց երկարած ձեռքի մը: Պարզութեամբ խօսուած բարի խօսքեր, պարզօրէն ընծայուած փոքր ուշադրութիւններ ի բաց պիտի վանեն փորձութեան ամպերը որոնք կը կուտակուին հոգիին վրայ: Երկնածին համակրութեան ան- կեղծ արտայայտութիւնը կարողութիւն ունի բանալու դռները սիրտերուն որոնք կը կարօտին Քրիստոսի խօսքերուն բոյրին, եւ Քրիստոսի սիրոյն հոգիին պարզ եւ նուրբ հպման: Եթէ ուզէիք շահագրգռութիւն ցուցանել երիտասարդութեան, հրաւիրէինք զանոնք մեր յարկերուն տակ եւ շրջապատէինք զանոնք ոգեւորող եւ օգտակար ազդեցութիւններով, շատեր կան որ ուրախութեամբ պիտի ուզէին ուղղել իրենք քայլերը դէպի վեր գացող շավիղներու մէջ:ԼԱ 20.3

    Հոս մեր ժամանակը կարճ է: Այս աշխարհէն միայն մէկ անգամ կրնանք անցնիլ, եւ մինչ կ’անցնինք, կարելի եղածին չափ օգտագործենք կեանքը: Գործը որուն կանչուած ենք, չի պահանջեր հարստութիւն, կամ ընկերական դիրք, կամ մեծ կարողութիւն: Ան կը պահանջէ բարեսէր, անձնազոհ հոգի մը եւ հաստատ նպատակ մը: Ճրագ մը,որքան ալ փոքր, եթէ անդադար վառ պահուի, կրնայ միջոց մը ըլլալ ուրիշ շատ ճրագներու վառուելուն: Մեր ազդեցութեան շրջանակը կրնայ նեղ թուիլ, մեր կարողութիւնը աննշան, մեր առիթները սակաւաթիւ, մեր հմտութիւնները սահմանափակ, սակայն մեր ընտանեկան յարկերուն առիթներուն հաւատարիմ գործածութեամբ հիանալի կարելիութիւններ պիտի ունենանք: Եթէ ուզենք բանալ մեր սիրտերն ու տուները կեանքի աստուածային սկզբունքներուն, կենսատու զօրութեան հոսանքներու համար ջրանցքներ պիտի դառնանք: Մեր ընտանեկան յարկերէն բժշկութեան վտակներ պիտի հոսին բերելով կեանք, եւ գեղեցկութիւն եւ պտղաբերութիւն հոն ուր հիմա ամլութիւն կայ եւ կարօտութիւն:ԼԱ 21.1

    Larger font
    Smaller font
    Copy
    Print
    Contents