Loading...
Larger font
Smaller font
Copy
Print
Contents
  • Results
  • Related
  • Featured
No results found for: "".
  • Weighted Relevancy
  • Content Sequence
  • Relevancy
  • Earliest First
  • Latest First
    Larger font
    Smaller font
    Copy
    Print
    Contents

    Գլուխ 7—ԴԷՊԻ ԱՌՈՂՋՈՒԹԻԻՆ ՏԱՆՈՂ ՊՈՂՈՏԱՆ

    Բնութեան ազդակներուն միջոցաւ Աստուած օրէ օր, ժամէ ժամ եւ վայրկեան առ վայրկեան կը գործէ մեզ ողջ պահելու եւ կազդուրելու համար: Երբ մարմինին ոեւէ մէկ մասը վնս մը կրէ, անմիջապէս բուժիչ գործունէութիւն մը կը սկսի. բնութեան միջոցները գործի կը լծուին առողջութիւնը վերահաստատելու համար: Բայց այս ազդակներու միջոցավ գործող զօրութիւնը Աստուծոյ զօրութիւնն է: Ամէն կենսատու զօրութիւնը Իրմէ կու գայ: Երբ մէկը հիւանդութենէ կ’ապաքինի, Աստուած է որ զայն կը բժշկէ:ԼԱ 63.1

    Հիւանդութիւն, տառապանք եւ մահ էշնամական զօրութեանմը գործերն են: Սատանան կործանողն է. Աստուած վերահաստատողն է:ԼԱ 63.2

    Իսրայէլի ըսուած խօսքերը ճշմարիտ են այսօր անոնց համար որ կը վերստանան մարմինի առողջութիւնը կամ հոգեկան առողջութիւն: «Ես եմ Տէրը` որ քեզ կը բժշկեմ:» Ելից 15:26:ԼԱ 63.3

    Ամէն մէկ մարդկային էակի համար Աստուծոյ փափաքը առաքեալին սա բառերովը արտայայտուած է, «Սիրելի, աղօթք կ’ընեմ որ ամէն կողմէ յաջողութեան մէջ է:» Գ. Յովհաննէս 2: ԼԱ 63.4

    Ան է որ կը քաւէ բոլոր անօրէնութիւններդ, ու կը բժշկէ քու բոլոր հիւանդութւններդ. որ կը փրկէ քու կեանքդ ապականութենէ, ու կը պսակէ քեզ ողորմութիւնով ու գթութիւնով»: Սաղմոս 103:3, 4:ԼԱ 63.5

    Երբ Քրիստոս հիւանդները կը բժշկէր , անոնցմէ շատերուն կ’ազդարարէր , «Ալ մեղք մի’ գործեր , որ ա’լ աւելի չար բան մը չպատահի քեզի «: Յովհաննէս 5:14: Այսպէս , Ան կը սորվեցնէր թէ անոնք հիւանդութիւն բերած էին իրենց վրայ մեղանչելով Աստուծոյ օրէնքներուն դէմ , եւ թէ առողջութիւնը միայն հնազանդութեամբ կրնար պահպանուիլ: ԼԱ 64.1

    Բժիշկը պարտի սորվեցնել իր հիւանդներուն թէ ապաքինման գործին մէջ պէտք է աջակցիլ Աստուծոյ հետ : Բժիշկը յարաճուն ըմբռնում մը ունի այն իրողութեան մասին թէ հիւանդութիւնը հետեւանք է մեղանչումի : Ան գիտէ թէ բնութեան օրէնքները այնքան ճշմարտապէս աստուածային են որքան Տասնաբանեային պատուէրնրը , եւ թէ միայն անոնց հնազանդութեամբ է որ առողջութիւնը կրնայ վերստացուիլ կամ պահպանուիլ ; Ան կը տեսնէ որ շատ անհանգստութիւններ հետեւանք են վնասակար սովորութիւններու եւ թէ ենթակաները կրնան հասնիլ առողջութեան եթէ ուզեն ընել ինչ որ կը պարտին իրենց ապաքինման համար : Անոնց պէտք է սորվեցնել թէ ամէն մէկ սովորութիւն որ կը փճացնէ ֆիզիքական , մտային կամ հոգեկան ոյժերը մեղք է , եւ թէ առողջութիւնը կ’ապահովուի հնազանդուէեան միջոցաւ այն օրէնքներուն զոր Աստուած հաստատած է բոլոր մարդկութեան բարւոյն համար : ԼԱ 64.2

    Երբ բժիշկը կը տեսնէ հիւանդ մը որ կը տառապի անպատեհօրէն ուտելու եւ խմելու , կամ ուրիշ սխալ սովորութիւններու պատճառաւ յառաջ եկած հիւանդութենէ մը եւ սակայն զանց կ’ընէ զայս անոր յայտնել , անիրաւութիւն ըրած կ’ըլլայ իր նմանին : Գինեմոլներ , մտացնորներ , անոնք որ ամէն տեսակ զեղխութեան անձնատուր եղած ոն , բոլորն ալ հրաւէր կ’ուղղեն բժշկին որոշ ու յստակօրէն յայտարարելու թէ տառապանքը մեղքի հետե- ւանք է : Անոնք որ կը հասկնան կեանքի սկզբունքները , պէտք է լրջօրէն ջանան արգիլել հիւանդութեան պատճառները : Բժիշկը որ կը տեսնէ ցաւին դէմ շարունակական պայքարը , եւ տեւականօրէն կ’աշխատին ամոքել տառապանքը , ինչպէս կրնայ լռել : Ան կրնայ մարդասէր եւ գթած նկատուիլ երբ չի սորվեցներ ճշգրիտ ժուժկալութիւն իբրեւ դարման մը հիւանդութեան :ԼԱ 64.3

    Ճշմարիտ բժիշկը դաստիարակ մըն է: Կը ճանչնայ իր պատասխանատուութիւնը , ոչ միայն հիւանդներուն հանդէպ , որոնք իր անմիջական խնամքի տակ են , բայց նաեւ համայնքին` որուն մէջ կ’ապրի : Ան կը կանգնի իբրեւ պահապան մը թէ’ ֆիզիքական եւ թէ’ բարոյական առողջութեան : Անոր ջանքը կը կայանայ ոչ միայն հիւանդին դարմանման համար ճիշդ կանոններ սորվեցնելու մէջ , բայց քաջալերելու ապրելակերպի ուղիղ սովորութիւններ եւ տարածելու ուղիղ սկզբունքներու ծանօթութիւններ :ԼԱ 65.1

    Թող որոշապէս պարզուի թէ Աստուծոյ պատուիրաններուն ճամբան կեանքի ճամբան է : Աստուած հաստատած է բնութեան օրէնքները , բայց Իր օրէնքները կամայական ստիպումներ չեն : Ամէն մէկ « …մի ըներ» ը , ըլլայ ֆիզիքական կամ բարոյական օրէնքին մէջ , անուղղակի խոստում մը կը նշանակէ : Եթէ անոր հնազանդինք , օրհնութիւն պիտի հետեւի մեր քայլերուն : Աստուած երբեք չի բռնադատեր մեզ ընել ինչ որ ուղիղ է , բայց կը հետամտի մեզ փրկել չարէն եւ առաջնորդել բարիին : ԼԱ 65.2

    Թող ուշադրութիւն դարձուի Իսրայէլի սորվեցուցուած օրէնքներուն : Աստուած տուաւ անոնց որոշ հրահանգներ կեանքի իրենց սովորութիւններուն նկատմամբ : Ան յայտնեց անոնց թէ’ ֆիզիքական եւ թէ’ հոգեւոր բարօրութեան վերաբերմամբ օրէնքներ .եւ հնազանդութեան պայմանաւ սա ապահովութիւնը տուաւ , «Տէրը ամէն հիվանդութիւնները քեզմէ պիտի վերցնէ « : Բ. Օրինաց 7:15: ԼԱ 65.3

    «Ձեր սրտին մէջ դրէք այն ամէն խօսքերը զորոնք այ- սօր ձեզի վկայութիւն բերի» : «Վասն զի զանոնք գտնողներուն անոնք կեանք են , եւ անոնց բոլոր մարմնին ` բժշկութիւն»: Բ. Օրինաց 32:46. Առակաց 4:22 :ԼԱ 65.4

    Աստուած կը փափաքի որ հասնինք կատարելութեան չափանիշին որ Քրիստոսի պարգեւով մեզի համար կարելի ընծայուած է : Ան կը խնդրէ մեզմէ ընտրել ինչ որ ուղիղ է կցուիլ երկնային միջոցներու եւ որդեգրել սկզբունքներ որ մեր մէջ կը վերահաստատեն աստուածային պատկերը : Ան , Իր գրուած խօսքին մէջ եւ բնութեան մեծ դիրքին մէջ , յայտնած է կեանքի սկզբունքները : Մեր գործն է այս սկզբունքներուն գիտութիւնը ձեռք բերել , եւ հնազանդութեամբ գործակցիլ Անոր հետ մարմինին եւ նաեւ հոգիին առողջութիւն վերստանալուն մէջ : ԼԱ 66.1

    Մարդիկ պէտք ունին սորվելու թէ հնազանդութեան օրհնութիւնները , իրենց լիութեան մէջ , իրենցը կրնան ըլլալ մայն երբ կ’ ընդունին Քրիստոսի շնորհքը : Իր շնորհքն է որ մարդուս կարողութիւն կու տայ հնազանդելու Աստուծոյ օրէնքներուն : Ա’յս է որ կը կարողացնէ մարդը խորտակելու չար սովորութիւններու կապանքը : Ա’յս է միակ ոյժը որ կրնայ զինքը ընել եւ պահել հաստատաքայլ` շիտակ ճամբուն մէջ : ԼԱ 66.2

    Երբ աւետարանը կ’ընդունուի իր մաքրութեամբ ու զօրութիւնովը , ան դարման մըն է մեղքով ծագում առած հիւանդութիւններու համար : Արդարութեան Արեգակը կը ծագի , եւ «անոր թեւերուն վրայ բժշկութիւն պիտի ըլլայ» : Մաղաքիա 4:2 : Ամէն ինչ որ այս աշխարհս կը պարգեւէ , անկարող է բժշկելու կոտրած սիրտ մը , կամ հաղորդելու միտքի խաղաղութիւն , կամ հեռացնելու հոգը , կամ վանելու հիւանդութիւնը : Համբաւ , տաղանդ , հանճար — բոլորն ալ անզօր են ուրախացնելու վշտալի սիրտը կամ վերահաստատելու վայրապար վատնուած կեանքը : Աստուծոյ կեանքը անձին մէջ ունենալ մարդուս միակ յոյսն է : ԼԱ 66.3

    Սէրը զոր Քրիստոս կը սփռէ բոլոր էութեան մէջ կեն- սաւէտ ոյժ մըն է : Ան բժշկութեամբ կը հպի մարմինին ամէն մէկ կարեւոր մասին — ուղեղին , սիրտին , ջիղերուն : Անոր միջոցաւ էութեան ամենաբարձր ոյժերը գործունէութեան համար կ’ոգեւորին: Ան կը ձերբազատէ հոգին յանցանքէ եւ տրտմութենէ , անձկութենէ եւ հոգերէ , որոնք կեանքի ոյժերը կը ջլատեն : Անոր հետ կու գան հանգստութիւն եւ անդորրութիւն : Ան կը ներմուծէ հոգիին մէջ ուրախութիւն զոր երկրային ոչ մէկ բան կրնայ եղծել , -ուրախութիւն հոգիին մէջ , - առողջարար եւ կենսատու ուրախութիւն : ԼԱ 66.4

    Մեր Փրկչին սա խօսքերը , «Եկէք ինծի … եւ ձեզ պիտի հանգչեցնեմ « /Մատթ. 11:28 / դեղագիր մըն է ֆիզիքական , մտային եւ հոգեկան չարիքներու համար : Թէեւ մարդիկ իրենց իսկ սխալներով տառապանք բերած են իրենց վրայ , Ան կարեկցութեամբ կը նայի անոնց : Անոր մէջ անոնք օգնութիւն կը գտնեն : Ան մեծ բաներ պիտի ընէ անոնց համար որ Իրեն կ’ապաւինին: ԼԱ 67.1

    Թէպետեւ դարերու ընթացքին մեղքը զօրացուցած է Իր կալանքը մարդկային ցեղին վրայ , թէպէտեւ կեղծիքի եւ խարդախութեան միջոցաւ Սատանան իր մեկնութեան սեւ շուքը ձգած է Աստուծոյ խօսքին վրայ եւ մղած է մարդիկ տարակուսելու Անոր բարութեան վրայ . սակայն Հօրը գութն ու սէրը չեն դադրած դէպի երկիր գալէ ճոխ հոսանքներով : Եթէ մարդկային էակներ բանային իրենց հոգիին պատուհանները դէպի երկինք , գնահատելով աստուածային պարգեւները , բուժիչ ոյժի հեղեղ մը պիտի ողողէր զիրենք :ԼԱ 67.2

    Larger font
    Smaller font
    Copy
    Print
    Contents