Loading...
Larger font
Smaller font
Copy
Print
Contents
  • Results
  • Related
  • Featured
No results found for: "".
  • Weighted Relevancy
  • Content Sequence
  • Relevancy
  • Earliest First
  • Latest First
    Larger font
    Smaller font
    Copy
    Print
    Contents

    Գլուխ 10—ԱՄԵՆՕՐԵԱՅ ԿՐՕՆՔ

    Անբիծ եւ ճշմարիտ Քրիստոնեայի մը լռիկ եւ հաստատակամ կեանքին մէջ շատ աւելի հզօր պերճախօսութիւնը: Մարդ մը ի՛նչ որ է, շատ աւելի ազդեցութիւն ունի քան ինչ որ կ՝ըսէ:ԼԱ 95.1

    Սպասաւորները որոնք Յիսուսի ղրկուած էին, վերադարձան սա տեղեկատուութեամբ թէ՝ երբեք մէ՛կը այս մարդուն պէս խօսած չէ: Ասոր պատճառը սա՛ էր որ երբեք մէկը Իրեն պէս ապրած չէր: Եթէ Իր կեանքը եղածէն տարբեր ըլլար, Ան պիտի չկրնար խօսիլ այնպէս ինչպէս խօսեցաւ: Իր բառերը իրենց հետ համոզիչ զօրութիւն մը ունէին, որովհետեւ անոնք կու գային մաքուր եւ սուրբ սիրտէ մը, սիրով ու համակրութեամբ, բարութեամբ եւ ճշմարտութեամբ զեղուն: ԼԱ 95.2

    Մեր անհատական նկարագիրն ու փորձառութիւնն է որ կ՛որոշէ մեր ազդեցութիւնը ուրիշներուն վրայ: Քրիստոսի շնորհքին զօրութեանը մասին ուրիշները համոզելու համար պէտք է որ մենք գիտնանք անոր զօրութիւնը մեր իսկ սիրտերուն եւ կեանքերուն մէջ: Աւետարանը զոր կը ներկայացնենք հոգիներու փրկութեան համար, պէտք է ըլլայ աւետարանը որով մեր անձերը փրկուած են: Քրիստոսի վրայ, իբրեւ անձնական Փրկիչ մը, կենդանի հաւատքի միջոցաւ միայն կարելի է մեր ազդեցութիւնը զգալի ընել սկեպտիկ աշխարհի մը մէջ: Եթէ կ՝ուզենք մեղաւորները քաշել արագընթաց հոսանքին մէջէն, պէտք է մեր ոտքերը հաստատապէս կեցած ըլլան Քրիստոս Յիսուս Վէմին վրայ:ԼԱ 95.3

    Քրիստոնէութեան նշանակը արտաքին չէ, ոչ ալ խաչի մը կամ թագի մը կրուիլը, բայց ա՛յն բանն է որ կը յայտնէ մարդուն միութիւնը Աստուծոյ հետ: Նկարագրին փոխակերպութեանը մէջ ի յայտ եկած Իր շնորհքին զօրութիւնովն է որ աշխարհ պէտք է համոզուի թէ Աստուած Իր Որդին ղրկած է իբրեւ աշխարհի Փրկիչը: Ուրիշը ոեւէ ազդեցութիւն որ կրնայ շրջապատել մարդկային հոգին, չունի այնքան զօրութիւն մը որքան անշահասէր կեանքի մը ազդեցութիւնը: Աւետարանին ի նպաստ հզօրագոյն փաստը սիրող ու սիրելի Քրիստոնեան է:ԼԱ 97.1

    Այսպիսի կեանք մը ապրիլը, այսպիսի ազդեցութիւն մը ի գործ դնելը, ջանք, անձնազոհութիւն եւ կարգապահութիւն կը պահանջէ ամէն քայլափոխի: Այս բանը չհասկնալնուն համար է որ շատեր այնքան դիւրաւ կը վհատին Քրիստոնէական կեանքի մէջ: Իրենց կեանքերը անկեղծօրէն Աստուծոյ ծառայութեան նուիրող շատեր անակնկալի եկած եւ յուսալքուած են գտնելով ինքզինքնին, աւելի քան երբեք, խոչնդոտներու առջեւ եւ շրջապատուած փորձութիւններով եւ շփոթութիւններով: Անոնք կ՛աղօթեն Քրիստոսանման նկարագրի մը համար, Տէրոջը գործին յարմարելու համար, եւ ահա կը դրուին ա՛յնպիսի պայմաններու մէջ որ կը թուին հրաւէր կարդալ իրենց բնութեան բոլոր գէշ կողմերուն: Թերութիւններ ի յայտ կու գան որոնց գոյութեան վրայ կասկած անգամ չունէին: Նախկին Իսրայէլի նման անոնք կը հարցնեն, եթէ Աստուած է մեզ առաջնորդողը, ինչու՞ համար այս բոլոր բաները մեր գլուխը կու գան: ԼԱ 97.2

    Այս բաները անոնց կը պատահին որովհետեւ Աստուած է որ կ՛առաջնորդէ զանոնք: Փորձութիւններ եւ խոչնդոտներ Տէրոջը ընտրած կարգապահական մեթոտներն են, եւ Իր սահմանած պայմանները յաջողութեան համար: Ան որ կը կարդայ մարդոց միտքերը, իրենցմէ աւելի լաւ գիտէ անոնց նկարագիրները: Ան կը տեսնէ որ անոնցմէ ոմանք ունին կարողութիւններ եւ ընդունակութիւններ որոնք, եթէ ճշդիւ առաջնորդուին, կրնան գործածուիլ Իր գործին յառաջացման համար: Ան Իր նախախնամութեամբ կը բերէ զանոնք տարբեր գիրքերու եւ այլազան հանգամանքներու մէջ որպէս զի անոնք կարենան իրենց նկարագիրներուն մէջ գտնել թերութիւններ որոնք իրենց իսկ գիտութենէն ծածկուած են: Անոնց պատեհութիւն կու տայ ուղղելու այս թերութիւնները, եւ պատշաճեցնելու ինքզինքին Իր ծառայութեան համար: Ան յաճախ կը թոյլատրէ որ նեղութեան կրակները անոնց վրայ յարձակին որպէս զի անոնք մաքրուին: ԼԱ 97.3

    Իրականութիւնը թէ կանչուած ենք փորձութեան հանդուրժել կը ցուցնէ թէ Տէր Յիսուս թանկագին բան մը կը տեսնէ մեր մէջ, զոր կը փափաքի զարգացնել: Եթէ Ան մեր մէջ աչինչ տեսաւ որով կարենար Իր անունը փառաւորել, ժամանակ պիտի չվատնէր մեզ գտնելու համար: Ան անարժէք քարեր չի նետեր իր հալոցին մէջ: Արժէքաւոր հանածոյքն է որ Ան կը զտէ ու կը մաքրէ: Երկաթագործը կրակին մէջ կը դնէ երկաթն ու պողպատը որպէս զի գիտնայ թէ ինչ տեսակ մետաղ են անոնք: Տէրը թոյլ կու տայ որ Իր ընտրեալները նեղութեան հալոցին մէջ դրուին ստուգելու համար թէ ինչ խառնուածքի տէր են եւ թէ կրնա՞ն յարմարիլ Իր գործին համար:ԼԱ 98.1

    Բրուտը կ՛առնէ կաւը եւ իր կամքին համաձայն անոր ձեւ կու տայ: Կը թրէ եւ կը բանի անոր վրայ: Փրցնելով կը բաժնէ եւ միասին կը ճմլէ: Կը թրջէ զայն ու յետոյ կը չորցնէ: Կը թողու պահ մը առանց անոր դպչելու: Երբ անկատարելապէս ճապուկ է, կը շարունակէ աշխատիլ անկէ անօթ մը շինելու՞ Անոր ձեւ կու տայ եւ բրուտի դուրքին (անիւին) վրայ կը կոկէ եւ կ՛ողորկէ զայն: Կը չորցնէ զայն արեւին տակ եւ կ՛եփէ փուռին մէջ: Այսպէս ան կը դառնայ անօթ մը գործածութեան յարմար: Նոյնպէս մեծ Վարպետ Գործաւորը կը փափաքի կաղապարել եւ ձեւաւորել մեզ: Եւ ինչպէս որ կաւը բրուտին ձեռքերուն մէջ է այնպէս ենք մենք Իր ձեռքերուն մեջ: Մենք պէտք չէ փորձենք բրուտին գործը ընել: Մեր բաժինն է ինքզինքնիս յանձնել կաղապարուելու համար Վարպետ Գործաւորին կողմէ:ԼԱ 98.2

    «Սիրելիներ, օտար բան մի սեպէք այն նեղութեան բորբոքը, որ ձեզ փորձելու համար կ՛ըլլայ, որպէս թէ օտար բան մը ձեզի հանդիպած է. Հապա ուրախ եղէք քանի որ Քրիստոսի չարչարանքներուն հաղորդ եղած եք, որպէս զի անոր փառքին յայտնիլու ատենն ալ ցնծութեամբ ուրախանաք»: Ա. Պետրոս 4:12, 13:ԼԱ 99.1

    Օրուան լիառատ լոյսին մէջ, լսելով ուրիշ ձայներու երաժշտութիւնը, վանդակուած թռչունը պիտի չերգէ երգը զոր իր տէրը կը հետամտի անոր սորվեցնել: Ան կը սորվի կորզել գեղգեղ մը հոսկէ, թրթռում մը հոնկէ, բայց երբեք առանձին եւ ամբողջ մեղեդի մը: Սակայն տէրը կը ծածկէ վանդակը, եւ կը դնէ զայն տեղ մը ուր թռչունը պիտի ունկնդրէ այն միակ երգը զոր պէտք է երգէ: Մութին մէջ ան կը փորձէ եւ կը փորձէ դարձեալ երգել երգը մինչեւ զայն կը սորվի եւ կ՛արտաբերէ կատարեալ ներդաշնակութեամբ: Յետոյ թռչունը դուրս կը բերուի այն տեղէն ու այլեւս միշտ կ՞երգէ նոյն երգը լոյսին մէջ: Այսպէս կը վարուի Աստուած Իր զաւակներուն հետ: Ան երգ մը ունի մեզի սորվեցնելու, եւ երբ զայն սորված ենք նեղութեան շուքին մէջ, կրնանք զայն միշտ երգել:ԼԱ 99.2

    Շատեր դժգոհ են իրենց ասպարէզին գործէն: Կրնայ ըլլալ որ իրենց շուրջինները օտար են իրենց եւ տարակարծիք. Իրենց ժամանակը դրաւուած է հասարակ գարծով մը, մինչ անոնք կը խորհին թէ կարող են աւելի բարձր պատասխանատուութիւններ ստանձնել. յաճախ անոնց կը թուի թէ չեն գնահատուած իրենց ապագան անստոյգ է: ԼԱ 99.3

    Յիշենք որ մինչդեռ մեր ընելիք գործը կրնայ մեր ընտրածը չըլլալ, պէտք է ընդունինք իբրեւ Աստուծոյ ընտրածը մեզ համար: Մեր առջեւ գտնուած պարտականութիւնը պէտք է կատարենք, հաճելի ըլլայ ան կամ ան- հաճոյ: «Ձեռքդ ինչ որ գտնէ ընելու, բոլոր ուժովդ ըրէ. Քանզի այն քու երթալու գերեզմանիդ մէջ գործ, խորհուրդ, գիտութիւն ու իմաստութիւն չկայ»: Ժողով. 9:10: ԼԱ 99.4

    Եթէ Տէրը կը փափաքի որ պատգամ մը տանինք Նինուէի, Իրեն հաճելի պիտի չըլլայ եթէ մենք Յոպպէ երթանք կամ Կափառնաում: Ան պատճառներ ունի զրկելու մեզ այն տեղը որուն ուղղուած են մեր քայլերը: Ճիշդ այն տեղին մէջ կրնայ գտնուիլ մէկը որ կարօտ ըլլայ այն օգնութեան զոր կրնանք տալ: Ան որ Փիլիպպոսը ղրկեց Եթէովպացի ներքինիին, Պետրոսը՝ Հռովմէացի հարիւրապետին, եւ Իսրայէլացիփոքրիկ աղջնակը՝ Ասորի զօրագլուխ Նէեմանւ, այսօր ալ մարդիկ, կիներ եւ նորահասներ կը ղրկէ իբրեւ Իր ներկայացուցիչները անոնց որ Իր աստուածային օգնութեան եւ առաջնորդութեան կը կարօտին:ԼԱ 100.1

    Մեր ծրագիրները միշտ Աստուծոյ ծրագիրները չեն: Ան թերեւս լաւագոյն կը նկատէ մեզ համար եւ Իր գործին համար մերժել մեր լաւագոյն դւտաւորութիւնները, ինչպէս ըլաւ Դաւիթի պարագային: Բայց կրնանք մէկ բանի համար ապահով ըլլալ թէ Ան Իր գործին յառաջացմանը մէջ պիտի օրհնէ եւ գործածէ զանոնք որ անկեղծօրէն կը նուիրեն ինքզինքնին եւ իրենց բոլոր ունեցածը Իր փառքին համար: Եթէ Ան լաիագոյն նկատէ չի շնորհել անոնց փափագները, պիտի դարմանէ մերժումը շնորհելով Իր սիրոյն նշանակները անոնց եւ վստահելով ուրիշ պաշտօն մը: ԼԱ 100.2

    Մեզի համար Իր սիրագեզ հոգածութեան եւ շահագրգռութեան մէջ, յաճախ Ան որ մեզ աւելի լաւ կը հասկնայ քան մենք մեզի, կը մերժէ թոյլատրել մեզի մեր իսկ փառասիրութեան զոհացումը փնտռել: Ան մեզ թոյլ չի տար զանց ընել առտնին պարզ բայց նուիրական պարտականութիւնները որ մեր առջեւ կը գտնուին: Այս պարտականութիւնները յաճախ մեզի կ՞ընծայեն ճիշդ այն կրթութիւնը որ էական է պատրաստելու մեզ աւելի բարձր գործի մը համար: Յաճախ մեր ծրագիրները կը-ձախո- ղին որպէս զի մեզ համար Աստուծոյ ծրագիրները յաջողին: ԼԱ 100.3

    Երբեք հրաւիրուած չենք Աստուծոյ համար իրական զոհողութիւն մը ընել: Ան շատ բաներ կը պահանջէ որ Իրեն յանձնենք, բայց զայս ընելով մենք տուած կ՞ըլլանք զայն որ արգելք կը հանդիսանայ դէպի երկինք մեր ճամբուն վրայ: Նոյնիսկ երբ կը հրաւիրուինք յանձնել այն բաները որոնք ըստ ինքեան լաւ են, կրնանք վստահ ըլլալ թէ այպէսով Աստուած մեր բարձրագոյն բարւոյն համար կը գործէ: ԼԱ 101.1

    Այն խորհրդաւոր գաղտնիքները որոնք այս կեանքիս մէջ մեզի նեղութիւն պատճառած եւ յուսախափ ըրած են, պիտի պարգուին ապագայ կեանքին մէջ: Պիտի տեսնենք որ մեր ըստ երեւոյթին չպատասխանուած աղօթքները եւ ի դերեւ ելած յոյսերը մեր մեծագոյն օրհնութիւններուն մէջ դասուած են: ԼԱ 101.2

    Պէտք է նայինք ամէն մէկ պարտականութեան վրայ, որքան ալ խոնարհ ըլլայ ան, իբրեւ նուիրական. Որոհետեւ ան Աստուծոյ ծառայութեան մէկ մասն է: Մեր ամենօրեայ աղօթքը պէտք է ըլլայ, «Տէր, օգնի՛ ինծի որ լաւագոյնս ընեմ: Սորվեցու՛ր ինծի թէ ինչպէս կրնամ աւելի լաւ գործ կատարել, կորով տուր ինծի եւ զուարթութիւն: Օգնէ՛ ինծի որ իմ ծառայութեանս մէջ ի յայտ բերեմ Փրկչին սիրագեզ սպասաւորութիւնը»:ԼԱ 101.3

    Նկատեցէ՛ք Մովսէսի փորձառութիւնը: Անթերի էր դաստիարակութիւնը զոր ան ստացավ Եգիպտոսի մէջ իբրեւ թագաւորին թոռը եւ գահին յետագայ ժառանգորդը: Ոչինչ զանց առնուած էր որ կրնար զանի իմաստուն մարդ մը ընել այն իմաստով որ Եգիպտացիք կը հասկնային բարձրագոյն կրթութիւնը ստացաւ: Ան կը խորհէր որ լիուլի պատրաստուած էր Իսրայէլը գերութենէ ազատելու գործին համար: Բայց Աստուած այլապէս տնօրինեց: Իր նախախնամութիւնը Մովսէսին սահմանեց անապատին մէջ իբրեւ խաշնարած քառասուն տարուան կրթութիւն մը: ԼԱ 101.4

    Դաստիարակութիւնը զոր Մովսէս Եգիպտոսի մէջ ընդունեց, ամէն կերպով օգտակար էր իրեն համար. Բայց կեանքին մէջ իր կատարելիք գործին համար ամենաարժէքաւոր պատրաստութիւնը ա՛յն էր զոր ստացաւ մինչ կը ծառայէր իբրեւ հովիւ: Մովսէս բնութեամբ բուռն խառնուածք մը ունէր: Եգիպտոսի մէջ իբրեւ զինուորական յաջողակ առաջնորդ եւ թագաւորին եւ ազգին սիրական, վարժուած էր ընդունելու գովութիւն եւ փաղաքշանք: Ան ժողովուրդը իրեն քաշած էր: Ան յուսաց Իսրայէլը ազատելու գործը իր իսկ ոյժով ի գլուխ հանել: Իբրեւ Աստուծոյ ներկայացուցիչ իր հօտերը կ՛առաջնորդէր լեռնորու ամայութիւններուն մէջեն ու հովիտներուն կանաչ արօտավայրերուն մէջ, սորվեցաւ հաւատք եւ հեզութիւն, համբերութիւն, խոնարհութիւն եւ ինքնամոռացութիւն: Սորվեցաւ հոգածել տկարը, խնամել հիւանդը, փնտռել մոլորածը, հանդուրժել անզուսպին, հոգ տանիլ գառներուն եւ ցնուցանել ծերն ու անզօրը:ԼԱ 102.1

    Այս գործին մէջ, Մովսէս աւելի մօտ կու գար Հովուապետին: Սերտիվ միացաւ Իսրայէլի Սուրբին: Այլեւս չծրագրեց մեծ զործ մը կատարել: Ան ջանաց կատարել իրեն յանձնուած գործը իբրեւ թէ Աստուծոյ համար: Ան գիտակցեցաւ Աստուծոյ ներկայութեւնը իր շրջակայքին մէջ: Բնութիւնը համակ Անտեսանելիին վրայ կը խօսէր իրեն: Ան կը ճանչնար զԱստուած իբրեւ անձնական Աստուած մը, եւ, խոկալով Անոր նկարագրին վրայ, հետզհետէ աւելի լիովին կ՛ըմբռնէր Անոր ներկայութեան իմաստը: Ան ապաստան գտաւ յավիտենական բազուկներուն մէջ:ԼԱ 102.2

    Այս փորձառութեմէմ վերջ, Մովսէս լսեց երկինքի կոչը փոխանակելու հովուական ցուպը իշխանութեան գաւազանին հետ. Թողելու ոչխարներու իր հօտը եւ ստանձնելու Իսրայէլի առաջնորդութիւնը: Աստուածային հրա մանը դտաւ զանի անստահ իր անձին վրայ, դժուարախօս եւ երկչոտ: Ան ճնշուած էր Աստուծոյ համար պատգամաբեր մը ըլլալու իր անկարողութեան գիտակցութիւնով: Բայց ընդունեց գործը իր բոլոր ապաւինութիւնը Տէրոջը վրայ դնելով: Իր պաշտօնին մեծութիւնը գործի հրաւիրեց իր միտքին բոլոր կարողութիւնները: Աստուած օրհնեց անոր պատրաստակամ հնազանդութիւնը, եւ ան դարձաւ պերճախօս, յուսալից, անփնիշխան եւ պատրաստուած՝ մեծագոյն գործին համար որ երբեք մարդուն տրուած ըլլայ: Անոր մասին գրուած է, «Անկէ ետեւ Տէրոջը երես առ երես ճանչցած Մովսէսին պէս՝ Իսրայէլի մէջ մարգարէ մը չելաւ»: Բ. Օրինաց 34:10:ԼԱ 102.3

    Թող անոնք որ կւ զգան թէ իրենց գործը չէ գնահատուած եւ կը փափագին աւելի մեծ պատասխանատուութեամբ դիրք մը ունենալ, նկատի ունենան թէ՝ «Բարձրանալը ոչ արեւելքէն է եւ ոչ ալ արեւմուտքէն, ոչ ալ անապատէն, հապա դատաւորը Աստուած է. մեկը կը ցածցնէ, ու միւսը կը բարձրացնէ»: Սաղմող 75:6,7: Երկինքի յաւիտենական ծրագրին մէջ ամէն մարդ իր տեղը ունի: Թէ արդեօք այդ տեղը կը լեցնենք, կախում ունի Աստուծոյ հետ գործակցելու մէջ մեր իսկ հաւատարմութենէն:ԼԱ 103.1

    Պէտք ունինք զգուշանալու ինքզինքնիս մեղքնալէ: Երբեք մի՛ թոյլատրէք զգացումը թէ պէտք եղածին չափ չէք արժեցուցուած, թէ ձեր ջանքերը չեն գնահատուած, թէ ձեր գործը չափազանց դժուար է: Թող յիշատակը թէ Քրիստոս ինչներո՜ւ հանդուրժած է մեզ համար, լռեցնէ ամէն տրտունջի մտածում: Մենք աւելի լաւ վարմունքի ենթարկուած ենք քան մեր Տէրը: «Դուն քեզի մեծ բանե՞ր կը փնտռես, մի փնտռեր»: Երեմիա 45:15: Տէրը Իր գործին մէջ տեղ չունի անոնց համար որոնք աւելի մեծ փափաք ունին շահելու թագը քան թէ կրելու խաչը: Ան կ՛ուզէ ա՛յնպիսի մարդիկ որոնք միտքերնին դրած են իրենց պարտականութիւնը կատարել քան թէ իրենց վարձատրու- թիւնը ստանալ — մարդի՛կ որոնք աւելի նախանձաւոր են սկզբունքի համար քան թէ բարձրացման:ԼԱ 103.2

    Անոնք որ խոնարհ են եւ իրենց գործը կը կատարեն իբրեւ թէ Աստուծոյ, կրնան մեծ ցուցադրութիւն մը չընել ինչպէս անոնք որ միշտ գործի վրայ երեւնալով ինքզինքնուն կարեւորութիւն կու տան. Բայց անոնց գործը աւելի արժէք ունի: Անոնք որ մեծ ցուցադրութիւն մը կ՛ընեն, յաճախ ուշադրութիւն կը հրաւիրեն իրենց վրայ, ինքզինքնին հնելով ժողովուդին եւ Աստուծոյ միջեւ, եւ իրենց գործը կ՞ըլլայ անյաջողութիւն մը: «Ամէն բանի գլուխը իմաստութիւնն է, իմաստութիւն ստացիր. ու ամէն ստացած բաներուդ հետ խոհեմութիւն ստացիր: Զանիկա մեծարէ, ու անիկա քեզ պիտի բարձրացնէ. Եթէ զանիկա գրկես, քեզ պիտի պատուէ»: Առակ. 4:7, 8:ԼԱ 104.1

    Որովհետեւ անոնք հաստատ դիտաւորութիւն չունին ինքզինքնին ձեռք առնելով բարեկարգելու, շատեր կաղապարուած կը դառնան գործելու սխալ ընթացքի մը մէջ: Բայց պէտք չէ այսպէս ըլլայ: Անոնք պէտք է զարգացնեն իրենց ոյժերը ծառայութեան ամենալաւ տեսակը ի գործ դնելու, եւ ահա միշտ խնդրանք պիտի ըլլայ իրենց համար:ԼԱ 104.2

    Եթէ կան այնպիսիներ որ աւելի բարձր դիրքի մը համար որակուած են, Տէրը պարտականութիւնը պիտի դնէ ոչ միայն անոնց վրայ, այլ եւ անոնց որ փորձած են զանոնք, գիտեն անոնց արժանիքը, եւ որ կրնան հասկացողութեամբ յառաջ քշել զանոնք: Իրենց համար սահմանուած գործը օր ըստ օրէ հաւատարմօրէն կատարողներն են որ Աստուծոյ յարմար դատած ատեն պիտի լսեն Իր կոչը՝ Հոս բարձրացիր: ԼԱ 104.3

    Մինչդեռ հովիւները Բեթլեհէմի բլուրներուն վրայ իրենց հօտերը կը պահպանէին, երկինքէն հրեշտակներ այցելեցին անոնց: Այսպէս ալ այսօր մինչ Աստուծոյ համար խոնարհ գործաւորը իր պաշտօնը կը կատարէ, Աս- տուծոյ հրեշտակներ անոր կողքին կը կենան, ունկն դնելով անոր բառերուն, դիտելով կերպը որով անոր գործը կը կատարուի, տեսնելու եթէ աւելի մեծ պատասխանատուութիւններ կրնան վստահուիլ անոր ձեռներուն:ԼԱ 104.4

    Աստուած մարդիկը իրենց հարստութեան, ուսմունքին կամ դիրքին համաձայն չ՛արժեցներ: Ան կ՛արժեցնէ զանոնք իրենց նկարագրի գեղեցկեւթեան եւ շարժառիթի մաքրութեան համաձայն: Ան կը նայի տեսնելու թէ անոնք ինչ չափով տիրացած են Իր Հոգիին, եւ անոնց կեանքը ո՛ր աստիճան կը յայտնէ Իր նմանութիւնը: Աստուծոյ թագաւորութեան մէջ մեծ պարզութեան եւ սիրոյ անբծութեան մէջ փոքրիկ տղու մը պէս ըլլալ:ԼԱ 105.1

    «Գիտէք» ըսաւ Յիսուս, «որ ազգերուն իշխանները կը տիրեն անոնց, եւ մեծամեծները կ՛իշխեն անոնց վրայ. Բայց ձեր մէջ այնպէս պիտի չըլլայ, հապա ձեզմէ ով որ մեծ ըլլալ կ՛ուզէ, թող անիկա ձեր սպասաւորը ըլլայ»: Մատթէոս 20:25, 26:ԼԱ 105.2

    Բոլոր պարգեւներուն մէջէն, զորս երկինք կրնայ շնորհել մարդոց, Քրիստոսի հետ ընկերակցութիւն Իր չարչարանքներուն մէջ, ամենակարեւոր աւանդն է և ամենաբարձր պատիւը: Ոչ Ենովք որ երկինք փոխադրուեցաւ, ոչ Եղիա որ հրեղէն կառքով վեր առնուեցաւ, աւելի մեծ էին կամ առաւել պատուուած՝ քան Յովհաննէս Մկրտիչ որ միայնակ կորստուեցաւ բանտին մէջ: «Ձեզի տրուեցաւ Քրիստոսի համար՝ ոչ թէ միայն անոր հաւատալ, հապա անոր համար չարչարուիլ ալ»: Փիլիպպեցւոց 1:29:ԼԱ 105.3

    Շատեր անկարող են հաստատ ծրագիրներ կազմելու ապագային համար: Անոնց կեանքը անկայուն է: Չեն կրնար նշմարել գործերու արդիւնքը, եւ ասիկա յաճախ զանոնք կը լեցնէ անձկութեամբ եւ անհանդարտութեամբ: Ի մտի ունենանք որ այս աշխարհիս մէջ Աստուծոյ զաւակներուն կեանքը պանդուխտի կեանք մըն է: Մենք իմաստութիւն չունինք ծրագրելու մեր կեանքերը: Մեր ձեռքը չէ մեր ապագան ձեւակերպել: «Հաւատքով, երբ Աբրահամ կանչուեցաւ, մտիկ ըրաւ այն տեղը ելլելու, զոր ժառանգութիւն պիտի առնէր, եւ ելաւ գնաց, ու չէր գիտեր թէ ո՛ւր կ՛երթայ»: Եբրայեցւոց 11:8:ԼԱ 105.4

    Քրիստոս, Իր երկրային կեանքին մէջ, ոչ մէկ ծրագիր կազմեց Ինքզինքին համար: Ան ընդունեց Աստուծոյ ծրագիրը Իրեն համար, եւ օրէ օր Աստուած քօղազերծեց Իր ծրագիրները: Ա՛յսպէս պէտք է Աստուծոյ ապաւինինք որպէս զի մեր կեանքերը ըլլան պարզ արտայայտութիւնը Իր կամքին: Մինչ մենք Իրեն կը յանձնենք մեր ճամբաները, Ինքը պիտի առաջնորդէ մեր քայլերը: ԼԱ 106.1

    Շատ շատեր, փայլուն ապագայի մը համար ծրագիրներ կազմելով, բացարձակապէս կը ձախողին: Թող Աստուած ծրագրէ ձեզ համար: Իբրեւ փոքր մանուկ մը, ապաւինեցէք առաջնորդութեանը Անոր որ «Իր սուրբերուն ոտքերը կը պահէ» Ա. Թագ. 2:9: Աստուած երբեք չ՛առաջնորդեր Իր զաւակներորը տարբեր կերպով քան ինչպէս անոնք պիտի ընտրէին առաջնորդուիլ եթէ կարենային տեսնել վախճանը սկզբէն, եւ նշմարել փառքը նպատակին զոր ի գործ կը դնեն յբրեւ գործակիցներ Անոր հետ:ԼԱ 106.2

    Երբ Քրիստոս կանչեց Իր աշակերտները հետեւելու Իրեն, անոնց փաղաքշական հեռանկար մը չընծայեց այս կեանքիս մէջ: Շահու եւ աշխարհիկ պատիւի ոչ մէկ խոստում տուաւ անոնց, ոչ ալ անոնք ոեւէ պայման դրին թէ ինչ պիտի ընդունէին: Մատթէոսի, որ մաքս ընդունելու տեղը նստած էր, Փրկիչը ըսաւ, «ետեւէս եկուր. ան ալ թողուց ամէնը եւ ելաւ գնաց անոր ետեւէն»: Ղուկաս 5:27-28: Մատթէոս ծառայութիւն մատուցանելէ առաջ չսպասեց որոշ ամսական մը պահանջելու համար, հաւասար այն գումարին զոր կը ստանար իր առաջուան պաշտօնին մէջ: Առանց հարցուփորձի կամ վարանման Յիսուսի հետեւեցաւ: Բաւական էր իրեն համար թէ Փրկչին հետ պիտի ըլլար որպէս զի լսէ Անոր խօսքերը եւ միանայ Անոր հետ Իր գործին մէջ: ԼԱ 106.3

    Այսպէս էր նաեւ նախապէս կանչուած աշակերտներուն պարագան: Երբ Յիսուս հրաւիրեց Պետրոսն ու իր ընկերները Իրեն հետեւելու, անոնք անմիջապէս թողուցին իրենց նաւերն ու ուռկանները: Այս աշակերտներէն ոմանք բարեկամներ ունէին որոնց ապրուստը իրենցմէ կախում ունէր. Բայց երբ ընդունեցին Փրկչին հրաւէրը, չվարանեցան եւ չհարցուցին՝ ի՞նչպէս պիտի ապրիմ եւ պահեմ ընտանիքս: Անոնք հնազանդ եղան կոչին. եւ երբ յետոյ Յիսուս հարցուց անոնց, «երբ ձեզ ղրկեցի առանց քսակի ու պարկի եւ կօշիկներու, բանի մը կարօտ եղա՞ք» անոնք կրցան պատասխանել «բանի մըն ալ չէ»: Ղուկաս 22:35:ԼԱ 107.1

    Այսօր Փրկիչը կը կանչէ մեզ Իր գործին, ինչպէս կանչեց Մատթէոսն ու Յովհաննէսը եւ Պետրոսը: Եթէ մեր սիրտերը ազդուած են Իր սիրով, փոխարինութեան հարցը գերագույն պիտի չըլլայ մեր միտքերուն մէջ: Պիտի հրճուինք Քրիստոսի հետ գործակից ըլլալով, եւ Անոր հոգածութեան վստահելէ պիտի չվախենանք: Եթէ զԱստուած մեր զօրութիւնը ընենք, պիտի ունենանք պարտականութեան յստակ ըմբռնումներ եւ անշահախնդիր բաղձանքներ: Մեր կեանքը շարժման մէջ պիտի դրուի ազնիւ նպատակով մը որ մեզ վեր պիտի բարձրացնէ ղազիր շարժառիթներէ: ԼԱ 107.2

    Շատեր որ կը դաւանին Քրիստոսի հետեւողներ ըլլալ անձկալի, խռովեալ սիրտ մը ունին որովհետեւ կը վախնան ինքզինքնին Աստուծոյ վստահելէ: Լիովին չեն յանձնուիր Անոր. Որովհետեւ կ՛ընկրկին հետեւանքներէն որ այսպիսի նուիրում մը կրնայ պարտադրել: Ցորչափ այս անձնատուութիւնը չեն ըներ, չեն կրնար խաղաղութիւն գտնել: ԼԱ 107.3

    Շատեր կան որոնց սիրտերը մտահոգութեան բեռի մը տակ ընկճուած են որովհետեւ կը հետամտին աշխարհի չափանիշին հասնիլ: Անոնք ընտրած են աշխարհի ծառայութիւնը, ընդունած անոր շփոթութիւնները, որդե- գրած անոր սովորութւնները: Այսպէս անոնց նկարագիրները ապականած են եւ անոնց կեանքը տաղտուկի մը վերածուած է: Տեւական մտահոգութիւնը կը մաշեցնէ անոնց կեանքի ոյժերը: Մեր Տէրը կը փափաքի որ անոնք մէկ կողմ դնեն գերութեան այս լուծը: Ան կը հրաւիրէ զանոնք ընդունելու Իր լուծը. Ան կ՛ըսէ, «Իմ լուծս քաղցր է, եւ իմ բեռս թեթեւ»: Մատթէոս 11:30: Մտահոգութիւնը կոյր է, եւ չկրնար զանազանելապագան, բայց Յիսուս սկիզբէն կը տեսնէ վախճանը: Ամէն մէկ դժուարութեան մէջ Ան Իր ճամբան ունի պատրաստուած բերելու համար սփոփանք: «Բարութիւն մը պիտի չպակսեցնէ ուղղութեամբ քալողներէն»: Սաղմոս 84:11:ԼԱ 107.4

    Մեր երկնաւոր Հայրը մեզ հոգալու համար հազարաւոր կերպեր ունի որոնց մասին ոչինչ գիտենք: Անոնք որ կ՛ընդունին իրենց կեանքերուն մէջ գերագոյն ընել Աստուծոյ ծառայելու սկզբունքը պիտի տեսնեն որ շփոթուոիւնները պիտի անհետանան եւ ուղիղ ճամբայ մը պիտի բացուի իրենց ոտքերուն առջեւ:ԼԱ 108.1

    Այսօրուան պարտականութիւններուն հաւատարմօրէն կատարումը լաւագոյն պատրաստութիւնն է վաղուան փորձութիւններուն: Մի՛ հաւաքէք վաղուան բոլոր հաւանականութիւններն ու հոգերը ու մի՛ բարդէք զանոնք այսօրուան բեռերուն վրայ: «Հերիք է օրուան իր նեղութիւնը»: Մատթէոս 6:34:ԼԱ 108.2

    Յուսալից ըլլանք եւ քաջասիրտ: Աստուծոյ ծառայութեան մէջ յուսահատութիւնը մեղք է եւ անտրամաբանական: Ան գիտէ մեր ամէն պէտքերը: Մեր ուխտապահ Աստուածը թագաւորներու Թագաւորին ամենակարողութեանը կը միացնէ գորովալի հովիւի քաղցրոութիւնն ու հոգածութիւնը: Անոր կարողութիւնը բացարձակ է, եւ գրաւականն է ապահով կատարմանը Իր խոստումներուն բոլոր անոնց որ Իրեն կ՛ապաւինին: Ան միջոցներ ունի իւրաքանչիւր դժուարութեան բարձման համար, որպէս զի կանգուն պահուին ամէն անոնք որ Իրեն կը ծա- ռայեն եւ կը յարզեն միջոցները զորս Ան կը գործածէ: Անոր սէրը այնքան բարձր է ուրիշ ամէն աէրէ որքան երկինքը բարձր է երկրէն: Ան Իր զաւակներուն վրայ կը հսկէ սէրով մը որ անշափ է եւ յաւիտենական:ԼԱ 108.3

    Ամենամութ օրերու մէջ, երբ երեւոյթները կը թուին ամենաանախորժ, հաւա՛տք ունեցէք Աստուծոյ վրայ: Ան Իր կամքը ի գործ կը դնէ, ամէն ինչ լաւ ընելով յօգուտ Իր ժողովուրդին: ԶԻնքը սիրողներուն եւ Իրեն ծառայողներուն զօրութիւնը պիտի նորոգուի օրէ օր: ԼԱ 109.1

    Ան կարող է եւ յօժար Իր ծառաներուն ընծայելու բոլոր օգնութիւնը որու կը կարօտին: Անոնց պիտի տայ իմաստութիւնը զոր անոնց զանազան կարօտութիւնները կը պահանջեն:ԼԱ 109.2

    Փորձութեան ենթարկուած Պօղոս առաքեալ յայտարարեց, «Ու տսաւ ինծի, Իմ շնորհքս հերիք է քեզի, վասն զի իմ զօրութիւնս տկարութեան մէջ կը կատարուի. Ուստի մեծ յօժարութեամբ աւելի իմ տկարութիւններուս վրայ պիտի պարծենամ, որպէս զի Քրիստոսի զօրութիւնը իմ վրաս հանգչի: Անոր համար հաւներ եմ ես տկարութիւններու, նախատինքներու՝ Քրիստոսի համար. վասն զի երբ կը տկարանամ, այն ատեն զօրաւոր եմ»: Բ. Կորընթացւոց 12:9, 10:ԼԱ 109.3

    * * * * *

    Larger font
    Smaller font
    Copy
    Print
    Contents